Աստուած ստեղծած է մեր երկրագունդը զարմանալի հաշիւներով: Այնպիսի տնօրինում կատարած է, որ իւրաքանչիւր կեանքի կոչուած ստեղծագործութիւն ամբողջացնէ միւսը: Օրինակ՝ մարդ արարածը, անասունը եւ բոյսը զիրար ամբողջացնող գոյութիւններ են, որոնք կը տարբերին իրարմէ եւ միեւնոյն ատեն իրարու նման են. անոնք բոլորն ալ կը ծնին, կը շնչեն, կը սնանին, կը բեղմնաւորուին եւ կը մահանան: Կը տարբերին իրարմէ՝ զգացումներով, հոգեկան վիճակներով, տրամաբանութեամբ, իմացականութեամբ եւ այլն: Այս յատկանիշները առիթ կ'ընծայեն մարդ արարածին՝ կառավարելու աշխարհը, ղեկավարելու ժողովուրդներ ու ազգեր եւ գիտական մեծ նուաճումներ կատարելով՝ հասնելու մտային զարգացման գագաթնակէտին:
Այս ամէնը նշելէ ետք, կու գանք հաստատելու, թէ ի՛նչ մակարդակներու վրայ ալ ըլլայ մարդ արարածը, նիւթական ի՛նչ հարստութիւններու տէր ալ ըլլայ ան, անպայման պիտի գայ պահ մը, երբ ինքզինք պիտի գտնէ իր խղճին հետ մինակ. մարդը պիտի պեղէ իր հոգիին խորքը եւ մենախօսութեամբ մը հարց պիտի տայ ինքնիրեն, թէ ինք ո՞ւր կը գտնուի եւ ի՞նչ կ'ուզէ այս կեանքէն. փա՞ռք, հարստութի՞ւն, սէ՞ր, գուրգուրա՞նք, խաղաղութի՞ւն, թէ՞ երջանկութիւն: Պատասխանը կը գտնուի մեսրոպեան երեք տառերով բաղկացած ՏԱԼ բառին մէջ: Երբ կու տանք մեր հոգիէն, մեր սրտէն, մեր ժամանակէն եւ մեր նիւթականէն, մեր միտքէն եւ մեր խիղճէն, այն ատե՜ն գտած կ'ըլլանք փոխադարձը՝ ուրախութիւն, խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ երջանկութիւն: Տալով՝ ստացած կըլլանք անհուն գոհունակութիւն, եւ մեր տուածը մեզի կը վերադառնայ անուշցած ու աւելի զօրացած՝ մեր սրտերուն մէջ մնալու յաւիտեան, ինչպէս կ'ըսէ բանաստեղծը:
Մեր հայ իրականութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ հայապահպանման հրամայականին: Մենք չենք նմանիր այլ ժողովուրդներու, որովհետեւ մեր հարազատ հողին վրայ չենք ապրիր. որքան ալ հողեր մշակենք եւ տուներ կառուցենք օտար ափերու վրայ, կը մնանք տարագիր եւ գաղթական ժողովուրդ եւ մեր ձեռքերը սեղմած իրարու մէջ՝ ամէն օր կ'ապրինք զիրար կորսնցնելու սարսափը կամ իրարմէ անջատուելու վախը. հետեւաբար մնանք միշտ միասին, զօրացնենք մեր գոյատեւելու կամքը՝ մեր գոյութիւնը պահպանելու համար օգնութեան ձեռք երկարենք իրարու եւ առատօրէն տանք. տալով՝ ստանանք այն, ինչ որ չունինք, մեր հոգիները թող լիանան բարիքներով, եւ մենք ապրինք հայօրէն, պահենք ու պահպանենք մեր հայկական բարքերն ու սրբութիւնները՝ երիտասարդ սերունդին մէջ դրոշմելով հայկականը:
Երբ կու տանք, կը նշանակէ, թէ ստացող մը կայ: Վառած կ'ըլլանք տան մը քարիւղը վերջացած ճրագը, ժպիտ մը գծագրած կ'ըլլանք կարիքաւորի մը դէմքին վրայ, յոյս ներշնչած կ'ըլլանք հիւանդի մը, ինչպէս նաեւ տարեցի մը յենարանը կ'ըլլանք. այսպիսով մէկը տասնապատիկ վերադարձած կը գտնենք:
Ամանորի նախօրեակն է, իւրաքանչիւրս կը մտադրենք մեր սիրած անձերուն, հարազատներուն նուէրներ գնել: Այդ մտածումը ինքնին ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի: Տալու գաղափարը նիւթականի հետ առնչուած չէ անպայման, թէեւ անիկա միջոց մըն է: Այն ներքին մղումը, որ կ'ունենանք ուրիշին հետ զգալու, անոր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն բաժնեկից դառնալու, շատ աւելի վեհ է, քան՝ որեւէ նիւթական արժէք կամ դրամատան հաշիւ:
Եկէք՝ տանք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, բարի սամարացիին լումային օրինակով եւ դիմաւորենք Նոր Տարին մեր տուածին փոխադարձը ստացած ըլլալու գոհունակութեամբ, ապրինք իսկական երջանկութիւնը՝ միասնաբար եւ հաւաքաբար:
ԼՕԽ-ի դերակատարութիւնը մեծ է մեր հայ իրականութեան մէջ. մանաւանդ այս տօնական օրերու նախօրեակին աւելի խտացեալ աշխատանքներ կը տարուին՝ հասնելու ամէն կարիքի եւ ձեռք երկարելու բոլորին: ԼՕԽ-ը կը ստանայ ժողովուրդէն՝ տալու համար ժողովուրդին: Ան կնոջական այն կազմակերպութիւնն է, որ դար մը ամբողջ հսկայ գործ կատարած է՝ թափանցելով ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մէջ. կամաւոր աշխատանքի խորհրդանիշ այս կազմակերպութիւնը կը մնայ իր հզօրութեան մէջ եւ հակառակ համաշխարհայնացման սպառնացող վտանգին՝ կը պահէ ու կը պահպանէ այն, ինչ որ հայկական է, մօր մը պէս կը գուրգուրայ մեր ազգի արժէքներուն վրայ. եւ մենք, որպէս հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակները, անդամագրուինք անոր շարքերուն, ըլլանք համակիրներ, բարեկամներ եւ բարերարներ այս կազմակերպութեան եւ տանք անհաշիւ, տանք կամովին, տանք շարունակ եւ ամէնէն կարեւորը՝ տանք վստահելով: Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ։
Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
2 դեկտեմբեր 2010
