ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները հայ կնոջ ծանօթացնելու ծիրին մէջ երկուշաբթի, 31 յունուար 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին օրուան դասախօսը՝ Ազդակի աշխատակից Անուշ Թրուանց ընդհանրապէս հայկական աւանդական սովորութիւններուն եւ ծէսերուն անդրադառնալու կողքին, կեդրոնացաւ մասնաւորաբար Պահքի հայոց տիկնիկի՝ Ակլատիզի, եւ Տարեհացի ներկայացման վրայ:

Բացման խօսքը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին անունով արտասանեց Յասմիկ Գէորգեան, որ նշեց, թէ հակառակ անոր որ հայութիւնը իր պապենական հայրենիքին մէջ միշտ ալ պահած է իր ազգային նկարագիրը, այսուհանդերձ ներկայ պայմաններուն բերումով՝ ցրուելով սփիւռքի տարածքին, կամայ թէ ակամայ ազգային սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու ծանօթութիւնը սկսած է նահանջել հայ մարդուն մօտ: Այդ ծանօթացումը խորացնելու նպատակով է, որ յանձնախումբը կազմակերպած է դասախօսական այս ձեռնարկը: Աւարտին Յասմիկ Գէորգեան կենսագրական հակիրճ կէտերով ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զինք զեկուցելու իր նիւթին մասին:

Անուշ Թրուանց իր դասախօսութեան սկզբնաւորութեան նշեց, որ հայկական աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն վերաբերող այս նիւթը ինք պատրաստած է իբրեւ լրագրող՝ հիմնուելով ազգագրագէտներու եւ մասնագէտներու կարծիքներուն վրայ: Ա. Թրուանց նկատել տուաւ նաեւ, որ փոքր ազգերուն՝ ինչպիսին է հայ ազգը, յատուկ է աւանդութիւններուն կառչած մնալը՝ աւելցնելով միաժամանակ, որ երբ ներկայիս կը խօսինք, թէ նահանջ կայ ազգային աւանդութիւններէն, ասիկա կը վերաբերի հայութեան երկու հատուածներուն՝ ե՛ւ արեւմտահայ հատուածին, ե՛ւ արեւելահայ հատուածին: Առաջինին պարագային եթէ պատճառը յետեղեռնեան վիճակն էր, ապա երկրորդին պարագային պատճառը խորհրդային համակարգն էր:

Անուշ Թրուանց ընդգծեց, որ հայկական աւանդական սովորութիւններուն մէկ մասը մեզի անցած է հեթանոսական ժամանակաշրջանէն: Ան կարճ ակնարկներ նետեց հայկական աւանդական տօներուն՝ Կաղանդին, Տեառնընդառաջին, Միջինքին, Զատիկին, Համբարձումին, Խաչվերացին եւ այլն՝ նշելով միաժամանակ, որ նշեալ տօներէն իւրաքանչիւրը յատկանշուած եղած է իր ճաշերով եւ ընկերային սովորութիւններով:

Հայկական գաւառներուն մէջ Մեծ պահքի սկիզբէն մէկ օր առաջ մարդիկ կը պատրաստէին Ակլատիզ տիկնիկը: Ակլատիզ բոյսի անուն է եւ շատ հաւանաբար այս անունին հիման վրայ ալ կոչուած է տիկնիկը: Մարդիկ կը հաւատային, որ Ակլատիզ տիկնիկին պարտականութիւնն է Պահքի ընթացքին հսկել, որ մարդիկ չխախտեն պահեցողութեան կանոնները: Այդ պատճառով տիկնիկին պատրաստութեան մէջ հիմնականօրէն կօգտագործուէին սոխը եւ կծու պղպեղը: Պղպեղը՝ Պահքի կանոնները խախտողներուն լեզուները այրելու համար, իսկ սոխը՝ անոնց աչքերը: Անուշ Թրուանց ըսաւ, որ Ակլատիզ տիկնիկին պատրաստութիւնը հաճելի եւ հետաքրքրական ձեռային աշխատանք կրնայ ըլլալ դպրոցական աշակերտներուն համար, որովհետեւ անիկա ամբողջութեամբ կը պատրաստուի բոյսերէ եւ բնական նիւթերէ:

Ա. Թրուանց անդրադարձաւ նաեւ Համբարձման տօնի աւանդութիւններուն՝ յայտնելով, որ Համբարձումը սիրոյ, երիտասարդութեան եւ վայելքի տօնն է, որուն ակունքները եկած են նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն: Համբարձումը հեթանոսական բնապաշտութեան եւ քրիստոնէութեան իւրայատուկ համադրումին տիպար օրինակներէն մէկն է:

Իր դասախօսութեան աւարտին Անուշ Թրուանց բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Տարեհացին մասին: Այնուհետեւ Լենա Գալուստեան տեղւոյն վրայ պատրաստեց Ակլատիզ տիկնիկէն օրինակ մը՝ ներկաներուն լուսաբանութիւններ ներկայացնելով պատրաստութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին մասին: Ապա դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան դարձեալ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Անուշ Թրուանցին՝ շահեկան դասախօսութիւնը ներկայացնելուն համար: Դասախօսական ձեռնարկին ներկաներուն բաշխուեցաւ Տարեհացէն: Անոնք ստացան նաեւ վերջինիս պատրաստութեան ձեւը ներկայացնող թղթիկներ: