ԱՂԹԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

1 հոկտեմբերին Ս. Զէյթլեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Փիթըր Հրեշտակեան։ Ան խօսեցաւ հայկական տի. էն. էյ.ի վերաբերող իր կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով ան երեւոյթը, որ հայկական տի. էն. էյ.ը որքան հին է, ուրկէ սերած է։ Ան տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող շուրջ 300 հայերէ տի. էն. էյ.ի օրինակներ առած է՝ սերտելու համար հայերու տարիքը։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ռ. Լագիսեան, որ հրաւիրեց Յակոբ Փանոսեանը՝ թարգմանելու համար դասախօսին ներկայացուցածը։

Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Աղթամարի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Մախզումի կազմակերպութեան ու Ղատա Ալի Ռիտա բարեսիրական սնտուկին հետ համագործակցաբար տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ արեգակնային ուժով ճաշ եփելու եւ կենսոլորտի ապականումը նուազեցնելու կարելիութիւնը։ 13 հոկտեմբերին տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին բացատրուեցան երկրագունդի տաքնալուն վտանգները եւ զայն արգիլելու գործնական ձեւերը, ինչպէս՝ ելեկտրականութեան խնայողութիւնը, եւ այլն։ Ապա գործնական աշխատանք կատարուեցաւ այս առնչութեամբ։

Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ոսկի աշուն ձեռնարկը, 15 հոկտեմբերին ճաշարան Ժեզիրաի մէջ՝ 125 անձերու ներկայութեամբ։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Ս. Հերկելեան, որ իմաստալից բացատրութիւն տուաւ այս աւանդութեան ու անդրադարձաւ անոր խորքին, որ տակաւին կայ հայրենիքի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Անիկա ժողովրդային տօնախմբութեամբ կը կատարուի՝ բերքահաւաքի ուրախ եւ գոհունակ տրամադրութեամբ փառք տալով Աստուծոյ։ Օրուան հանդիսավարը ՄարիՖլոր Արուշեան ներկայացուց առողջապահական նիւթեր՝ արեան գերճնշումի, գերզգայնութիւններուն եւ այլ հարցերուն վերաբերող։

Մթնոլորտը ճոխացաւ խաղերով, զարգացման մրցումներով, երգ ու պարով։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւն։

12 նոյեմբերին դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ կուրծքի քաղցկեղի նախազգուշութեան մասին, զոր ներկայացուց Սոնիա Զաւզաւաճեան։ Ան մասնակցած էր Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային ժողովի մը՝ 160 այլ ներկայացուցիչներու կողքին Լիբանանը ներկայացնելով։ Ան նաեւ քաղցկեղի մասին համագումարներու մասնակցած է Լիբանանի մէջ։

Դասախօսութեան ընթացքին Սոնիա Զաւզաւաճեան շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ հիւանդը կարիք կունենայ իր շրջապատին յարգանքին ու գուրգուրանքին, որպէսզի կարելի ըլլայ բուժման հանգրուանները հեզասահ կերպով շրջանցել։ Ան դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին ի գործ պիտի դրուի ծրագիր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ հիւանդութեան բարդացման առաջքը առնել։

29 նոյեմբերին տեղի ունեցած դասախօսական ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Զ. Գուճանեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ մանկաբարձ, վիրաբուժ Գայեանէ ՍտեփանեանԳասապեանը։ Վերջինը ներկաներուն խօսեցաւ կանացի հիւանդութիւններու, դաշտանադադարի հանգրուաններուն, կինը մտահոգող երեւոյթներուն մասին՝ շեշտելով այն իրողութիւնը, որ պէտք է իրապաշտ կերպով մօտենալ մարմնի զարգացման հանգրուաններուն եւ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն։ Գ. Գասապեան կիները հրաւիրեց քիչ մը եսասէր ըլլալու եւ ընտանիքին կողքին չմոռնալու իրենք իրենց լաւապէս հոգ տանիլ։