Արագած մասնաճիւղի Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽի Արագած մասնաճիւղի վարչութիւնը 30 նոյեմբեր, 2010-ին կազմակերպեց Աշնանային հանդիպում մը Արագածի ժողովրդային տան Սարգիս Գալայճեան սրահին մէջ։ Վարչութեան ատենապետ Քնար Մակարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ տօքթ Սիրուն Վարդապետեան, որ նախ արժեւորեց ԼՕԽի մասնաճիւղերուն կազմակերպած ձեռնարկներուն բնոյթը՝ ժողովուրդին գիտելիքները հարստացնելու եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու միտումով, ըլլան անոնք դասախօսութիւններ՝ ընկերային, առողջապահական եւ դաստիարակչական նիւթերով։

Ան ներկաներուն բացատրեց այն մեծ դերակատարութիւնը, որ կենսանիւթերը ունին մարմնին ընդհանուր գործունէութեան մէջ՝ արեան բջիջներու, մկաններու, հորմոններու եւ այլն։ Ան աւելցուց, թէ նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կենսանիւթ ունի իր իւրայատկութիւնները, ուրեմն իւրաքանչիւրը մարդուն մարմնին մէջ կը կատարէ իրեն համապատասխանող դերակատարութիւն։ Ս. Վարդապետեան նաեւ անդրադարձաւ այն հետեւանքներուն, որոնք կրնան նկատուիլ, երբ կենսանիւթերու բացակայութիւն արձանագրուի մարմնին մէջ։

Օրուան ճաշը պատրաստուած էր Վարդուհի Տէկիրմենճեան խոհանոցին յանձնախումբին կողմէ։

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ, նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։