ընկերային հանդիպում մը՝ ԼՕԽ-ականներու, համակիրներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը՝ ԼՕԽ-ականներու, համակիրներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։

Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար։

Ան աւելցուց, որ ձեռնարկէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի առողջապահական, ընկերային եւ կրթական տարբեր տեսակի հարցերու լուծման ի խնդիր տարուող աշխատանքին եւ նման հարցեր ունեցող պարագաներու։

Ապա մանկավարժ-հոգեբան Ռիթա Փարմաքսզեան ներկայացուց Մօր պարտականութիւնը իր զաւկին կարիքներուն նկատմամբ նիւթը։

Առաջնահերթութիւն նկատելով մօր սէրը, գուրգուրանքը, ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը իր զաւկին նկատմամբ՝ ան ըսաւ. Սէրը աւելի զօրաւոր եւ մղիչ ուժ է, որ կամրացնէ եւ կը զարգացնէ երեխային զանազան կարողութիւններուն ու անոր ընդունակութիւնը։

Շինիչ ու մեր կեանքէն առնուած օրինակներ տալով՝ Ռ. Փարմաքսզեան անդրադարձաւ երեխային բազմաթիւ եւ բազմազան կարիքներուն, որոնք ծնողները ընդհանրապէս եւ մայրերը յատկապէս պէտք է հոգան։ Ան յատկապէս նշեց հետեւեալները.

- Ընտանեկան հանդարտ ու ուրախ մթնոլորտ ապահովել երեխային, որպէսզի պաշտպանուած ըլլալու զգացումը ունենայ ան։

- Մայրը մեծ կարեւորութիւն պէտք է ընծայէ երեխային բժշկական խնամքի, սնունդի եւ քունի կարիքներուն, նաեւ պէտք է հետապնդէ, որ այս բոլորը հետեւողական ու կանոնաւոր կերպով կատարուին։

- Ուսման յաջողութեան նպաստաւոր պայմաններ պէտք է ստեղծուին, որպէսզի զաւակը կարենայ ընկալել կարդացածը, օգնել անոր, որպէսզի շրջանցէ դժուարութիւնները։

- Առիթ ստեղծել երեխային մտածումներուն, զգացումներուն եւ գաղափարներուն ազատօրէն դրսեւորման, բայց եւ այնպէս՝ միշտ ծնողքին հսկողութեան եւ հեղինակութեան տակ։ Ազատութիւնն ու զայն իր չափին մէջ պահելը պէտք է զուգահեռ ընթանան։

Իր խօսքի աւարտին Ռ. Փարմաքսզեան հաստատեց. Ծնողք ըլլալը ամէնէն վսեմ ու դժուար պաշտօնն է։ Զաւակը, ապաւինելով հանդերձ իր ուժերուն, պէտք է հետեւի իր ծնողներու թելադրանքներուն։ Ծնողք-զաւակ երկխօսութիւնը կրնայ լուծել շատ մը բարդ խնդիրներ։