ԼՕԽ-Ի ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը կը կայանայ անոր մէջ, որ առաւելագոյն չափով ծանօթացնէ ԼՕԽ-ի կամաւոր եւ բարեսիրական գործի նուիրական նպատակը: Յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը մեկնակէտ ունի նաեւ նիւթական հասոյթ ապահովել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որպէսզի իր կարգին իրագործէ օժանդակութեան ծրագիրներ՝ հասնելու համար բազմապիսի կարիքներու:

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանի երեքշաբթի, 1 փետրուար 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ֆոր սիզըն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ յարաբերական յանձնախումբի տարեկան գլխաւոր ձեռնարկը՝ ներկայութեամբ հայկական եւ արաբական կանացի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, պատասխանատուներու, բարերարներու, համակիրներու եւ ԼՕԽ-ականներու:

Յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ. ԼՕԽ-ը հայկական իրականութեան մէջ բարեսիրական մեծագոյն միութիւնը ըլլալով հասած է ու կը շարունակէ հասնիլ բոլորին. Մեր կամաւոր ընկերուհիներուն ճամբով մեր աշխատանքը շատերը կը հիացնէ եւ երբեմն ալ բարձր նախանձի կը մղէ:

Սամուէլեան աւելցուց. Դո՛ւք, սիրելի՛ ներկաներ, ձեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ մեզի կու տաք ուժ, եռանդ, քաջութիւն եւ աշխատելու ու գործելու խանդավառութիւն:

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան խօսք առնելով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին, պաշտօնական հիւրերուն, բարերարներուն, լիբանանեան եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մասնաւորաբար ԼՕԽ-ականներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնած են եւ կը կանգնին ԼՕԽ-ի գործունէութեան:

Գլպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յարաբերական յանձնախումբին մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ յարաբերական յանձնախումբի անդամներուն:

Գլպաշեան արաբերէնով ներկայացուց ԼՕԽ-ի գործունէութեան նպատակը եւ անոր աշխատանքը՝ նշելով, որ մեր նպատակն է հասնիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն, միշտ հաւատարիմ մնալ ժողովուրդէն՝ ժողովուրդին ազնիւ ու վեհ նշանաբանին:

Ապա արաբերէնով խօսք առաւ Կնոջական հարցերու լիբանանեան ազգային խորհուրդի նախագահ Նաժուա Ռամատան, որ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը առիթը ունեցած է երկար տարիներու ընթացքին գործակցելու ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու հետ. ապա որոշ տեղեկութիւններ տուաւ իրենց կատարած գործունէութեան մասին:

Ապա ցուցադրուեցաւ երիտասարդ ձեւագէտ Գօգօ Ճապոթինի հարսանեկան եւ պաշտօնական հագուստներու հաւաքածոյէն բաժին մը, ինչ որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին:

Գեղարուեստական բաժինով ներկաները հաճելի ժամեր անցուցին Ցոլինէի հրամցուցած երգերով:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: Խանդավառուած մթնոլորէն տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն:

Ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը, կազմակերպուած ձեռնարկը եւ ընդհանրապէս ԼՕԽ-ականներու աշխատանքը: