ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Կազդուրման կայան»ի ծրագիրին մասնակցող 28 պատանիներ եւ 4 ուսուցիչներ ունեցան իրենց Կաղանդի խրախճանքը՝ Մաք Տանըլծի մէջ։ Ձեռնարկին ծախսերը ստանձնած էր ԼՕԽ-ական մը։
Աշակերտներն ու ուսուցիչները բաւական լաւ ժամանակ անցուցին, պարեցին, երգեցին, ունեցան խաղեր՝ մանուկներու յատուկ սրահին մէջ։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք ոչ միայն ամրան շրջանին մօր նման հոգացին ու գուրգուրացին, այլ նաեւ զիրենք յիշեցին տօնական օրերուն եւ կազմակերպեցին այս հաւաքը։
Պատանիները նաեւ Կաղանդ պապուկէն ստացան նուէրներ՝ տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ։
Դեկտեմբեր, 2010
