Ընկերային յանձնախումբ

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 17 դեկտեմբեր 2010-ին, Պուրճ Համուտի բարեսիրական 5 կեդրոններու՝ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին, Հաուըրտ Գարակէօզեան, Ճինիշեան, Մար Եուսեֆ եւ Քարիթաս կեդրոններուն մէջ թիւով 600 ծերեր ու կարիքաւորներ տօնական օրերու նախօրեակին հրաւիրուած էին խրախճանքի մը:

Այս հաւաքին նպատակն էր ուրախութիւն եւ յոյս ներշնչել մեր ծերերուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան բարի գալուստ, առողջութիւն եւ երկար կեանք մաղթեց համախմբուած ծերերուն:

Յատկանշականը այն էր, որ բոլորը նոյն ժամուն ճաշեցին, ճաշակեցին Հայ-ֆուտի կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշերը, հայկական գաթան, ինչպէս նաեւ յայտագիրի աւարտին անոնք ստացան նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ տրամադրուած բուրդէ վզկապներ: Անոնք անցուցին հաճելի եւ ուրախ ժամեր:

Ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամին:

ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւս օգտակար դարձան, որ մամիկները եւ պապիկները կարենան հանգիստ եւ ուրախ ժամեր անցընել եւ հանգիստ ճաշել:

Թ. Գլպաշեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին: