ԳԱՅԵԱՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Տօնական օրերուն առիթով ուրախացնելու համար ընտանիքին կինն ու մայրը, ԼՕԽ-ի Գայեանէ մասնաճիւղը 14 դեկտեմբերին կայացուց իր աւանդական դարձած Կաղանդի ձեռնարկը, Անթիլիասի Ահուէթ ըզեզ ճաշարանին մէջ։

Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններ, եկեղեցւոյ եւ վարժարաններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի աշխատանքները քաջալերող եւ անոնց նեցուկ կանգնող ԼՕԽ-ականներ։

Իւրաքանչիւր հիւր սրահ մտած ատեն ստացաւ նուէր մը՝ պատրաստուած վարչութեան կողմէ։

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Մանուէլեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք՝ հայերէնով եւ անգլերէնով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը քաջալերեն ԼՕԽ-ի ձեռնարկները եւ նեցուկ կը կանգնին անոր տարած բազմաճիւղ եւ բազմաբնոյթ աշխատանքներուն, նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. ծնունդը։

Սեղանները շրջելով՝ մթնոլորտը ճոխացուց աքորտիոնիստ Սիմոն Կոստանդինեան, որ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ, մղելով ներկաները՝ երգելու եւ ուրախանալու։

Ապա Կաղանդ պապուկին նուէրները բաժնուեցան ներկաներուն, տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ։

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ արուեստագէտ Լէոնի Փիլաւճեան, որ իր ստեղծագործութիւններէն Շուշանները տրամադրած էր վարչութեան՝ իբրեւ վիճակահանութեան նուէր։