Լուրեր

ԼՕԽ-Ի ՍԵՒԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Սեւան (Ժունիէ) մասնաճիւղի 70-ամեակի նշման ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, մասնաճիւղի ներկայացուցիչին, Լիբանանեան բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ զօր. Ժաք Ապու Անթունի, շրջանի կոմիտէութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եղբօր, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Մասնաճիւղի ատենապետ Սեդա Ճուպանեան բարի…

Աւելին
ԼՕԽԻ ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐՁՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԱՅԼ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ, ՆԱԵՒ ՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը այն կազմակերպութիւնն է, որ չի գիտեր գոհանալ, չի գիտեր բաւարարուած զգալ եւ կանգ առնել բարգաւաճելէ ու ուռճանալէ, այդ պատճառով ալ հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր ծառայութեան ուղին` հաւատալով, որ ոչ մէկ տեղ կանգ պիտի առնէ, ոչ մէկ նուաճումով պիտի շլանայ, այլ միշտ աւելին պիտի պահանջէ ինքնիրմէ, որպէսզի աւելին տայ ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին: Այս երեւոյթին փաստերէն մէկն էր երէկ ԼՕԽի Արաքսի Պուլղուրճեան…

Աւելին
ՋԱՒՕ ՇԱՆԹ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Երեքշաբթի, 31 մայիս, 2011-ին Զմմառու մայրավանք այցելեցին ԼՕԽ-ի Ջաւօ Շանթ մասնաճիւղի անդամները: Տարեկան շրջապտոյտ-ուխտագնացութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Զմմառու վանքի պատմութեան, տեսնել անոր հոգեւոր եւ ազգային հարստութիւնները: Արդարեւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբը հասաւ Զմմառ, ուր վանքին դպրապետ եւ մատենադարանապետ հայր Նարեկ Լուսինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ հերթաբար բացատրութիւններ տուաւ վանքին հիմնադրութեան մասին…

Աւելին
30 Ամեակ

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում մի հնար» միտքը եթէ կը վերաμերի Սարդարապատի կռուին, շատ լաւ կը յարմարի նաեւ ԼՕԽ-ի Աշխատանոցի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ 1976ի Յունիսին, լիբանանեան նորաստեղծ ներքին պատերազմի ամենավատ օրերուն: Ռումμեր կը տեղան, իրար լսելու եւ տեղափոխուելու անկարելիութիւն, եւ ահա կը ծնի աշխատանոց մը հիմնելու գաղափարը: Տիրող քանդող կացութեան եւ նոր բան մը ստեղծելու գաղափարը, ըստ այդ օրերը ապրող մարդոց…

Աւելին
Հ. ՍԱՍՈՒՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հ. Սասունի մասնաճիւղի վարչութեան 24 մայիս, 2011-ին Սաժ քաֆէ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիլիան Օրտողլեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ազատ Խանզէթեան: Մուտքին` ներկաներուն բաժնուեցան վարչականներուն կողմէն պատրաստուած ծաղիկներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Ալին Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ հայ…

Աւելին
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ` ԼՕԽ-Ի ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, աւելի քան 230 հոգիի ներկայութեամբ 19 մայիսին տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ` Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հաստատելով, որ ԼՕԽ-ականներուն տարած աշխատանքը սրբազան է, եւ առանց անոնց` կարելի չէ յարատեւել այս ուղիին վրայ: Ան գնահատեց ձեռնարկին ներկայ եղող մայրերը իրենց տարած…

Աւելին
ՀԱՅԱՇԷՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ 18 մայիս 2011-ին Հայաշնի ժողովրդային տան Սեդրակ Աճեմեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան աւանդական հաւաքոյթը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զարուհի Գալեմքերեան: Շնորհաւորելէ ետք բոլոր մայրերը եւ մասնաւորաբար հայ մայրերը` ան նշեց, որ հայ մայրերը Տէր Զօրի անապատին մէջ նահատակ մայրերէն մնացած կտակ ունին` հայ լեզուին ուսուցումն ու հայ ինքնութեան…

Աւելին
Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի այցելութիւնը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեց տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն ու Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան հետ: Ան մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը եւ աշխատանքը, առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի գործին ու աշխատանքին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ 25 տարի ետք այսօր…

Աւելին
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի օրը` 17 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30 – 6:00, Գ. Կիւլպենկեան սրահը ժամադրավայր եղած էր Այնճարի փոքրիկներուն, որոնք երկու հանգրուաններով երգեցին, պարեցին, խաղացին ու զուարճացան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի Այնճարի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, որ աւանդութիւն դարձուցած է Մանուկներու օր կոչել այս ձեռնարկը: Պզտիկները առաւելագոյն չափով զուարճացնելու նպատակով, հրաւիրուած էին Քիքին, իր…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԱՂԹԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ներկայ դարուս, արհեստագիտութեան արագ հեւքին պատճառած զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ կինը այդ կացութեան հետ հաշտ պահելու նպատակով, ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը ձեռնարկեց 4 ամիսներու վրայ երկարող համակարգիչի դասընթացքի մը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ: Դասընթացքին դասատուն էր Ցոլակ Հերկելեան` Այնճարի երիտասարդ ուժերէն: Սոյն դասընթացքին հետեւեցան 20 կիներ: Դասատուն…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ` ԾԻԱԾԱՆԻ ՏԱՐԲԵՐ ՆՐԲԵՐԱՆՔՆԵՐ ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գաղութէ գաղութ` ծիածանի տարբեր նրբերանգներ նիւթով դասախօսութիւնը` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին: Այս առիթով յանձնախումբին անունով, բացման խօսքը արտասանեց Շողիկ Խաչատուրեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս տարի Քրիստոսի յարութեան տօնն ու…

Աւելին
ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը 11 ապրիլ 2011-ին կայացուց Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ առողջապահական արշաւ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի յանձնախումբին առողջապահական յանձնախումբին եւ նախազգուշական բաժանմունքին: Այս արշաւին նպատակն էր հանգանակութեան շրջանին ժողովուրդին, յատկապէս շրջանի հայ բնակիչներուն ծանօթացնել ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, աշխատանքը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի…

Աւելին
Կարինէ մասնաճիւղի առօրեայէն

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղը 11 ապրիլ 2011-ին կայացուց Ամանոսի Ս. Թեհլիրեան ակումբին մէջ առողջապահական արշաւ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնի յանձնախումբին առողջապահական յանձնախումբին եւ նախազգուշական բաժանմունքին: Այս արշաւին նպատակն էր հանգանակութեան շրջանին ժողովուրդին, յատկապէս շրջանի հայ բնակիչներուն ծանօթացնել ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, աշխատանքը, ԼՕԽ-ի Արաքսի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, գարնանային եղանակի եւ Մեծ Պահոց Միջինքի առիթով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2011-ին, Պէյթ Գօգօ շրջանի Շաքարեաններուն շէնքին մէջ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Սօսի Մանուէլեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին եւ մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար եւ կամովին տրամադրած էին ձեռնարկին…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի «ԱՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, Նահր Մոթի ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Սեղանները շատ գեղեցիկ զարդարուած էին պահքի համեղ ճաշերով` պատրաստուած շրջանի վարչական ընկերուհիներուն կողմէ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սալբի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Յասմիկ Գէորգեանը, որ փոխանցէ մեր…

Աւելին
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԶՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն, յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` ընդգծելով, որ հայ մանուկին իրաւունքն է հայկական դպրոց յաճախելը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) քարոզչական յանձնախումբին կողմէ Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով ՀԿՄ-ի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ ուրբաթ, 18 մարտի կէսօրին կազմակերպուած ձեռնարկի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց…

Աւելին
ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ-ԶՐՈՅՑ

Կիներու միջազգային օրուան` 8 մարտին նախօրեակին կնոջական այս կազմակերպութիւնը անտարբեր չէր կրնար մնալ: Այս նկատառումով ալ անգամ մը եւս առիթը օգտագործուեցաւ լուսարձակները սփռելու կիներու իրաւունքներուն ձեռքբերման անհրաժեշտութեան եւ հայ իրականութեան մէջ կնոջ ու մանաւանդ հայ մօր ունեցած շինիչ դերակատարութեան վրայ: երկուշաբթի, 7 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽեի ,Արաքսի Պուլղուրճեանե ընկերաբժշկական կեդրոնի ,Թնճուկեանե սրահին…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի «ԱՍՏՂԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

«Կիներու միջազգային օր»ուան առիթով ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 մարտ 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ «Սատեր» ճաշարանին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան հակիրճ ձեւով պատմականը փոխանցեց «Կիներու միջազգային օրուան» մասին` շեշտը դնելով, հայ կնոջ դերակատարութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ հայ կինը շնորհիւ իր ողջմտութեան, պաշտպանն…

Աւելին
ԱՐԱԳԱԾ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Արագած մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Շիրինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` մաղթելով հաճելի ժամեր: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկին նպատակն էր օժանդակութիւն տրամադրել շրջանի կարիքաւոր սաներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերային դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց…

Աւելին
ՀԱՅԱՇԷՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հայաշէնի Ժողովրդային տան Սեդրակ Աճեմեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը: Ձեռնարկը կը զուգադիպէր Տեառնընդառաջի եւ Ս. Սարգիսի տօներու շաբթուան: Այդ առիթով հրաւիրուած էր շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ քահանան` Յովհաննէս Պոյաճեան: Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զարուհի Գալեմքերեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Հայաշէնի մէջ…

Աւելին
ԿԱՐԻՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽի Կարինէ մասնաճիւղի վարչութեան, Ամանոսի Ս. Թեհլիրեան ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի 100-ամեակի հիմնադրամին: Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքին, անոր անդամներուն, ԼՕԽին, որոնք կը հաւատան ժողովուրդէն ժողովուրդին կարգախօսին եւ կ՛աշխատին հոգիով, կը…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԿՈՆԴԱԿԸ

Պատուարժան Շրջանային վարչութիւն Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեանդ 29 մարտ 1939 թուակիր դիմումնագրէն եւ անոր կցեալ 1937 յուլիս 2 – 1938 դեկտեմբեր 31 ժամանակաշրջանի տեղեկագրէն գոհունակութեամբ սրտի տեղեկացանք կազմակերպութեանդ կատարած բարեսիրական, կրթասիրական եւ առողջապահական գործունէութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ կարօտելոց մէջ: Այս մասին Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Եղիշէ Ս. արք. Կարօեանէն եւս…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի Ա. ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

ԼՕԽ-ի Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղը (Զալքա) չորեքշաբթի, 9 փետրուար 2011-ին կազմակերպած էր ընկերային հանդիպում մը Գարեգին Նժդեհ ակումբին մէջ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, շրջանի ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան դասախօս բժշկուհի Սիրուն Վարդապետեան, նախ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր այն նորագիրներուն, որոնք 5 փետրուարին կատարած…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒԽՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 5 փետրուարը իւրայատուկ օր մըն էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքին համար։ Արդարեւ, այդ օր, առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը լի էր խաչուհիներով եւ ԼՕԽ-ի նորագիրներով, որոնք եկած էին իրենց ուխտը կատարելու՝ կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան անդամակցելով։ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբին կազմակերպած ուխտի արարողութեան հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի…

Աւելին