Հ. ՍԱՍՈՒՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հ. Սասունի մասնաճիւղի վարչութեան 24 մայիս, 2011-ին Սաժ քաֆէ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիլիան Օրտողլեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ազատ Խանզէթեան:
Մուտքին` ներկաներուն բաժնուեցան վարչականներուն կողմէն պատրաստուած ծաղիկներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Ալին Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ հայ մօր տիպարին եւ առաքելութեան:
Համբարձման նախօրեակին ըլլալով, ներկաներուն բաժնուեցան համբարձման վիճակներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն իրենց գործունէութեան յաջողութեան: Մթնոլորտէն խանդավառուած տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւններ: