Լուրեր

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղ. ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ ամանորի առիթով տեղի ունեցաւ խրախճանք: Սրահի մուտքին վարչութեան անդամները տոպրակով մրգեղէն հրամցուցին իւրաքանչիւրին: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան խնդրեց…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ լրագրող եւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց ներկայացուց հայկական աւանդական հարսանիքին վերաբերող աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտասանուած բացման խօսքով…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ-ԱԶԷԶԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին ու ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Սեւան», «Գայեանէ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն երէկ` ուրբաթ, 13 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Ջղագրգռութիւնը եւ ընկճուածութիւնը յաղթահարելու կերպերը» նիւթով: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Աշխէն մասնաճիւղը կը կազմակերպէ աւանդութիւն դարձած իր պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով

Ամէն տարի, Ամանորի նախօրեակին, ԼՕԽ-ի Աշխէն մասնաճիւղը կը կազմակերպէ աւանդութիւն դարձած իր պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, որ կը յատկանշուի հայկական ճաշերով, անուշեղէններով, ձեռային աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ` Կաղանդ պապայի այցելութեամբ: Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2011-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշեալ պազարը, որ արձանագրեց վարչութեան ակնկալածէն աւելի յաջողութիւն` նիւթապէս եւ բարոյապէս…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ  ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ լրագրող եւ Ազդակ-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց ներկայացուց հայկական աւանդական հարսանիքին վերաբերող աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտասանուած բացման խօսքով Լենա…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՎԱՃԱՌՔԸ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Թրիփոլիի ՀՅԴ Նաւասարդ ակումբի Խաչիկ Պապիկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Այծեմնիկ մասնաճիւղին ցուցահանդէս-վաճառքը` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Լամա Ֆայսալ Քարամէի, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ օտար ներկաներու հոծ բազմութեան: Մասնաճիւղի ատենապետ…

Աւելին
քարոզչական

Նախորդ տարիներուն նման, լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ժողովուրդին ներկայացուց 2012 տարուան պատի օրացոյցը: Կողքը կը ներկայացնէ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը` Ժողովուրդէն` ժողովուրդին լոզունգով, որ ԼՕԽ-ի առաքելութեան նպատակն է եւ գործելակերպը: 12 ամիսներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ հայ գեղանկարիչի մէկ ստեղծագործութիւնը, ընդհանրապէս` բնութեան գեղեցկութիւնը արտայայտող: Հոն կը տեսնենք ծաղկեփունջեր գունագեղ վրձինով…

Աւելին
ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ դեսպանատունը 103,500 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին: Այս առիթով կայացաւ հանդիպում մը Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ` դեսպան Քոյիչի Քաուաքամիի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի 2012-Ի ՊԱՏԻ ՕՐԱՑՈՅՑԸ. ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Նախորդ տարիներուն նման այս տարի եւս Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ժողովուրդին ներկայացուց 2012 տարուան պատի օրացոյցը: Կողքը կը ներկայացնէ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը` «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» լոզունգով, որ ԼՕԽ-ի առաքելութեան նպատակն է եւ գործելակերպը: 12 ամիսներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ հայ գեղանկարիչի մէկ ստեղծագոր-ծութիւնը, ընդհանրապէս` բնութեան գեղեցկութիւնը արտայայտող: Հոն կը տեսնենք…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԱՄԱՒՈՐԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ.   «ՊԷՏՔ Է ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՆՔ ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ԴԻՄԱՑ ՑՑՈՒՈՂ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ», ԸՆԴԳԾԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»ուան նուիրուած ձեռնարկ մը: Ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի բարեկամներուն ու բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու, Գարմէն Ֆեսլեան՝ ձեռնարկը կազմակերպած ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով ողջունեց…

Աւելին
Ազդակ-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կամաւորներու օր-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը:

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտուն, Ազդակ-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կամաւորներու օր-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը: Ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի բարեկամներուն ու բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու, Գարմէն Ֆեսլեան ձեռնարկը կազմակերպած ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները`…

Աւելին
ԿԱՂԱՆԴԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԼՕԽ-Ի ԳԱՅԵԱՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի կէսօրին ԼՕԽ-ի Գայեանէ մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) վարչութիւնը Զալքայի Մշարապիյէ ճաշարանին մէջ կայացուց աւանդական դարձած Կաղանդի ձեռնարկ մը: Մասնաճիւղի աշխուժ եւ ժրաջան վարչութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայած էր ձեռնարկը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վարչականները ճաշարանի մուտքին ներկաները սիրալիր կերպով կ՛ընդունէին` անոնց յանձնելով Շողիկ Էլմայեանի կողմէ տրամադրուած զարդարուած տուրմը: Ձեռնարկին ներկայ էին…

Աւելին
ԼՕԽ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Ցօղիկ Մանճեանի, ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացումը: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սոնա Եափուճեան, որ անդրադարձաւ հայկական ձեռարուեստի պահպանման անհրաժեշտութեան` յատուկ կերպով լուսարձակի…

Աւելին
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐԸ

Վաղը` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէլ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած եւ աւանդական դարձած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսը: Այս առիթով կը ներկայացնենք հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներուն նուիրուած այս յօդուածը` անոնց իւրայատկութիւնները առաւել եւս լուսարձակի տակ առնելու համար: Հայկական…

Աւելին
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱՒՈՐՈՒՄԻ ԾՐԱԳԻՐԻ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՄԻԱԿ ԿԵԴՐՈՆՆ Է ԼՕԽ-Ի ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

ԼՕԽ-ը Լիբանանի մէջ գործող այն կառոյցն է, որ ո՛չ միայն ներքին իմաստով լծուած է իր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայութեան, անոր կարիքներու ապահովման եւ բոլորին նեցուկ ու գործնական օժանդակ ըլլալու առաքելութեան, այլեւ իր տեղն ու դերը ունի նաեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ: Այս երեւոյթին լաւագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանայ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին տարած լայնածաւալ գործունէութիւնը, որուն մէջ ներառուած են կեդրոնին…

Աւելին
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԻԼԻԿԻԱ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը այս տարուան ծրագրի ծիրին մէջ նկատի ունեցաւ այցելութիւններ կազմակերպել հայկական թանկարժէք իրեր պահպանող վայրեր` հայկական գանձատուներ, քանի որ հոն կը գտնենք մեր պատմութեան կարեւոր արժէքները: 1 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ այդ այցելութիւններուն առաջինը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիլիկիա թանգարան: ԼՕԽ-ի զանազան մասնաճիւղերէն անդամներ ժամը 10:30-ին հասան մայրավանք…

Աւելին
Աւանդական ճաշի Տոհմիկ օր

22 Հոկտեմբեր 2011-ին, «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ քաղաքապետութեան եւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած « Աւանդական ճաշի տոհմիկ օրուան»: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակը հաճելի եռուզեր մը կար,որ ստեղծեց տօնական օրերու մթնոլորտ եւ անգամ մը եւս փաստեց Լիբանանահայութեան շինարար գոյութիւնը:

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն, շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի եւ առողջապահական…

Աւելին
ՏԱՐԲԵՐ ԲՆՈՅԹԻ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼՕԽ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերի առաւօտուն, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր բնոյթի երեք զեկուցումներ: Առաջին զեկուցումով հանդէս եկաւ արուեստագէտ Մարալ Փանոսեան, որ ներկայացուց 2012 թուականի ԼՕԽ-ի օրացոյցը, երկրորդ զեկուցաբերն էր Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին…

Աւելին
ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող Նարօտ Արտալճեան մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 4 յուլիսին արդէն իսկ սկսաւ իր ամառնային շրջանը, որ պիտի երկարի մինչեւ 23 սեպտեմբեր: Հոն կ՛ընդունի 5-12 տարեկան փոքրիկներ: Ինչպէս ամէն տարի այս ամառ եւս փոքրիկներուն կը սպասէ ճոխ յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէ` գիրքի ընթերցանութիւն, դասի սերտողութեան ժամ, դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն, ձեռային աշխատանք…

Աւելին
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ` ԼՕԽ-ԻՆ

Օգտուելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի կազմակերպած դասախօսական շարքերէն` մասնակիցներ իրենց շնորհակալական խօսքերը յղած են կազմակերպիչ մարմիններուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակներէն օրինակներ: Ձեր կողմէ կազմակերպուած դասախօսական շարքը իրապէս դաստիարակիչ եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւն մըն էր: Գնահատելի էին դասախօսներուն սպառիչ կերպով ներկայացուցած նիւթերը: Կը…

Աւելին
Դաշտագնացութիւն

«Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն դէպի «Զղարթա» «Էհտէն»: Վարչութիւնը նկատի ունեցած էր պտոյտը յաջողցնելու բոլոր միջոցառումները, ապահովելով հանգստաւէտ փոխադրակարքեր եւ պատրաստած, պտոյտին որոշուած սրբավայրերու պատմականը ներկայացնող թերթիկներ: Երեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2011-ին առաւօտեան ժամը 7:30-ին ընկերուհիները հաւաքուած էին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբ ուղղուելու դէպի «Պաթրուն», ուր այցելեցին չորս…

Աւելին
ԼՕԽ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 11 օգոստոս 2011-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Նոր Սիսի Արշալոյս Ազիրեան մասնաճիւղի շուրջ 100 անդամներ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքը: ԼՕԽ-ականները ընդունեց դպրեվանքի տեսչութեան անդամներէն Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան եւ զիրենք առաջնորդեց Ս. Աստուածածին մատուռ, Ապրիլեան յուշարձան եւ Զարեհեան դպրեվանք: Դպրեվանքին մէջ, տեսուչ սրբազանը` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ.-…

Աւելին
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի «Կազդուրման կայան»ի ծրագիրին կը մասնակցին 55 պատանիներ: Հսկողութեամբ մասնագիտացած անձնակազմի մը, ընկերային յանձնախումբին եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիին, անոնք կը ստանան առողջապա-հական եւ սննդական խնամք, անոնց կը ներկայացուին առողջապահական, կարգապահական, դաստիարակչական գիտելիքներ եւ օրէնքներ: ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Յուլիս 2011

Աւելին