ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Նախորդ տարիներուն նման այս տարի եւս Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ժողովուրդին ներկայացուց 2012 տարուան պատի օրացոյցը:
Կողքը կը ներկայացնէ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը` «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» լոզունգով, որ ԼՕԽ-ի առաքելութեան նպատակն է եւ գործելակերպը:
12 ամիսներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ հայ գեղանկարիչի մէկ ստեղծագոր-ծութիւնը, ընդհանրապէս` բնութեան գեղեցկութիւնը արտայայտող: Հոն կը տեսնենք ծաղկեփունջեր գունագեղ վրձինով գեղեցկացած, դէմքեր, նաթիւր մորթեր եւ այլ տեսա-րաններ: Սփիւռքահայ եւ հայրենի գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններն են, գեղանկարիչներ, որոնք ճանաչում գտած են միջազգային սալոններու կամ կալըրիներու մէջ ցուցադրուած իրենց գործերով: Գեղանկարիչներու գործերուն ընտրութիւնը կատարած է լիբանանահայ գեղանկարչուհի եւ գեղանկարչութեան դասատու, մանկավարժ Մարալ Փանոսեան: Ան ներկայացուցած է գործերը` Շարթի, Գրիգոր Նորիկեանի, Ժանսեմի, Յակոբ Յակոբեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Կալենցի, Արշիլ Կորքիի, Փոլ Կիրակոսեանի, Ռոպերթ Էլիբէկեանի, Գերօ Անթոյեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Յակոբ Կոջոյեանի:
Գունաւոր օրացոյցը տպուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ:
Ուսանելի եւ մտային զարգացման նպաստող հրատարակութիւն մըն է, տրուած ըլլա-լով, որ օրացոյցի վերջին կողքին վրայ արձանագրուած է 12 ամիսներու անուններուն ստուգաբանութիւնը, ծագումը, ընդհանրապէս` լատինական պատմութենէն քաղուած: Աշխարհագրութիւն, եւրոպական, յունա-հռոմէական պատմութենէն քաղուած գիտելիքներ` ընդհանուր զարգացման նպաստող:
Նմանօրինակ հրատարակութիւններ միայն պատէն կախուած մնալու համար չեն: Կարելի չէ անտեսել կամ անտարբեր մնալ` մէկ կողմ նետելով: Օրացոյցները ընդհանրապէս ունին խորհուրդ մը` տարին շնորհաւորելու, մաղթանք փոխանցելու, նաեւ կապւած մնալու այն հաստատութեան հետ, դպրոց ըլլայ թէ եկեղեցի, միութիւն կամ կուսակցութիւն, հայրենակցական մարմին կամ բարեսիրական հաստատութիւն: Այս պարագային Լիբանանահայ օգնութեան խաչը մեզի կը ծանօթացնէ մեր արուեստագէտներէն 12-ը: Եթէ այդ անուններուն ծանօթ ենք, հարկ է յիշեցում մը՝ մոռացութեան մշուշին դիմաց: Կարելի է տարուան վերջը նկարչական շրջանակի մը մէջ զետեղել եւ մնայուն ներկայութիւն դարձնել` մեր տուները գեղեցկացնելով:
Ջանադիր ու քրտնաջան աշխատանք կ'ենթադրեն նման ձեռնարկներ. կայ պրպտումը, ճանչնալը, գիտութիւնը: Այս պարագային ԼՕԽ-ը իր ներկայութիւնը կը փաստէ, կը յիշեց-նէ, թէ պատրաստ է ծառայելու ժողովուրդին, կամաւոր աշխատանքով, «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» դիպուկ բանաձեւումով:
Նոր տարուան սեմին մեր դուռերուն դիմաց յայտնուող օրացոյց առաջարկողներուն յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը, իսկ եթէ տրամադիր չենք ընդունելու ներկայացուածը, բարեհաճ վերաբերումով արտայայտենք մեր զգացումները:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 5000 անդամուհիները ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց ընծայուած այս նուէրը՝ նուազագոյն մասնակցութեամբ, նաեւ առաւելագոյն ոգեւորութեամբ:
Շնորհաւոր Նոր տարի։
