Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»ուան նուիրուած ձեռնարկ մը:
Ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի բարեկամներուն ու բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու, Գարմէն Ֆեսլեան՝ ձեռնարկը կազմակերպած ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները` նշելով սոյն հանդիսութեան նպատակն ու իմաստը: Կամաւոր գործիչներ իրենց յօժար աշխատանքով մեծ ներդրում կը կատարեն ի նպաստ մարդկութեան, շեշտեց Գարմէն Ֆեսլեան` ներկայացնելով կամաւոր աշխատանքին ըմբռնումը հայկական միջավայրին եւ յատկապէս Լիբանանահայ օգնութեան խաչին մօտ: Օրուան առաջին ու գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց կամաւոր աշխատանքին ըմբռնումը հայկական կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ անիկա սիրայօժար, ինքնաբուխ, ձրի աշխատանք է, զոր մարդ կը կատարէ օգնելու համար տկարին ու անկարին: Գնահատելով կամաւոր ԼՕԽ-ականներու ներդրումը` Գեղամ սրբազան մտահոգութիւն յայտնեց երիտասարդ տարրերու բացակայութեան գծով: Մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ կամաւոր աշխատանքին դէմ ցցուող դժուարութիւններուն վրայ, յայտնեց առաջնորդ սրբազանը` ընդգծելով, որ կամաւոր աշխատանքը հոպի կամ զբա-ղում չէ եւ հարկ է մտածել վաղւան կամաւորներուն մասին: Ան նաեւ իր վրդովումը յայտնեց կամաւոր ԼՕԽ-ականներու, հա-յուհիներու յիշատակին կատարւած հոգեհանգստեան արարողութիւններէն պատկան մարմիններու բացակայութեան գծով: Ձրի բան չկայ, ամէն աշխատանք իր արժէքը ունի, եւ կամաւորը կը վարձատրուի անոր նկատմամբ ցուցաբերուած երախտագիտական զգացումներով, աւելցուց առաջնորդ սրբազանը` շեշտը դնելով այս գծով կարգ մը հիմնական սկզբունքներու վրայ, յատկապէս` մա-նուկը փոքր տարիքէն կամաւոր աշխատանքի վարժեցնելու կարեւո-րութեան վրայ:
Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի վեթերան անդամներէն` ՀՕՄ-ի Կեդրո-նական վարչութեան նախկին անդամ Տիգի Թորիկեան, որ բացատրեց կամաւոր աշխատանքին իմաստն ու ըմբռնումը` յաչս օտար հանրային կարծիքին, յատկապէս` ՄԱԿ-ին, որ այս առիթով յատուկ օր յատկացուցած է: Տիգի Թորիկեան «Կամաւորներու օր»ուան հաստատման եւ անոր յաջորդած պայմաններու հակիրճ պատմականը կատարելով ընդգծեց, որ կամաւոր աշխատանքը մոլութիւն է: Թորիկեան կամաւոր աշխատանքի բացատրութեան համար մէջբերումներ կատարեց Առձեռն Հայկազեան բառարանէն:
Կամաւորը վարձատրութիւն չի ստանար, բայց ի՞նչ կը սպասէ` քաջալերանք, երախտագիտական արտայայտութիւն, շարունակեց Թորիկեան եւ աւելցուց. «Ինծի համար ԼՕԽ-ի կամաւորները թանկագին ուժ մըն են, որովհետեւ ինչ որ կը կատարուի անոնց կողմէ ծերին թէ երեխային կեանքին մէջ, կարելի չէ բառերով նկարագրել»…:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան, որ բարձր գնահատեց գործը կամաւորներուն, յատկապէս` հայ կամաւորներուն, որոնց արգասիքն էր 28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ Համազգային մշակութային ընկերու-թեան հիմնումը: Շեշտելով, որ մեր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անդամները կամաւորներ են, Հանտեան ընդգծեց հայ մարդուժի պակասը մերօրեայ պայմաններուն մէջ: «Անձնական օրինակով ներգրաւենք նոր կամաւոր տարրեր, պայքարինք նորե-լուկ աղանդներուն դէմ, երիտասարդութիւնը համախմբենք մեր ազգային եկեղեցւոյ շուրջ, ակումբները պէտք է վերակենսաւորուին ու ընդգրկեն մեր զաւակներուն մեծ մասը», ընդգծեց Հանտեան: «Կեանքը պայքար է ու միայն պայքարով կը հասնինք մեր նպատակներուն», շեշտեց ան:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Քէշիշեան, որ իր կարգին վեր առաւ հայ կամաւորին դերը` ընդգըծելով, որ կամաւոր աշխատանքը զոհաբերութեան արտայայտութիւն է, առաքինութիւն է, վսեմ նպատակ է: Պարսկերէնով կամաւոր կը նշանակէ ֆիտայի, ու մեր կամաւորները ֆիտայիներ էին, որոնք ազատագրեցին մեր հողերը եւ սփիւռքի մէջ հիմնեցին մեր ազգային կառոյցները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ը: «Եթէ մեր միութիւնները հիմնուեցան տխուր առիթներու եւ պայմաններու բերումով, անոնց գործունէութիւնը սակայն լեցուն է հպարտառիթ դէպքերով», ընդգծեց Յակոբ Քէշիշեան:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին անջատ ելոյթներով ջութակի վրայ նուագակցութեամբ հանդէս եկան Դալար Մանճեան եւ
Մարինա Հալաճեան։
