Աւանդական ճաշի Տոհմիկ օր

22 Հոկտեմբեր 2011-ին, «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ  քաղաքապետութեան եւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած « Աւանդական ճաշի տոհմիկ օրուան»:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակը հաճելի եռուզեր մը կար,որ ստեղծեց տօնական օրերու մթնոլորտ եւ անգամ մը եւս փաստեց Լիբանանահայութեան  շինարար գոյութիւնը: