Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտուն, Ազդակ-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կամաւորներու օր-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը:
Ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի բարեկամներուն ու բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու, Գարմէն Ֆեսլեան ձեռնարկը կազմակերպած ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները` նշելով սոյն հանդիսութեան նպատակն ու իմաստը: Կամաւոր գործիչներ իրենց յօժար աշխատանքով մեծ ներդրում կը կատարեն ի նպաստ մարդկութեան, շեշտեց Գարմէն Ֆեսլեան` ներկայացնելով կամաւոր աշխատանքին ըմբռնումը հայկական միջավայրին եւ յատկապէս Լիբանանահայ օգնութեան խաչին մօտ:
Օրուան առաջին ու գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց կամաւոր աշխատանքին ըմբռնումը հայկական կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ անիկա սիրայօժար, ինքնաբուխ, ձրի աշխատանք է, զոր մարդ կը կատարէ օգնելու համար տկարին ու անկարին:
Գնահատելով կամաւոր ԼՕԽ-ականներու ներդրումը` Գեղամ սրբազան մտահոգութիւն յայտնեց երիտասարդ տարրերու բացակայութեան գծով: Մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ կամաւոր աշխատանքին դէմ ցցուող դժուարութիւններուն վրայ, յայտնեց առաջնորդ սրբազանը` ընդգծելով, որ կամաւոր աշխատանքը հոպի կամ զբաղում չէ եւ հարկ է մտածել վաղուան կամաւորներուն մասին: Ան նաեւ իր վրդովումը յայտնեց կամաւոր ԼՕԽ-ականներու, հայուհիներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութիւններէն պատկան մարմիններու բացակայութեան գծով: Ձրի բան չկայ, ամէն աշխատանք իր արժէքը ունի, եւ կամաւորը կը վարձատրուի անոր նկատմամբ ցուցաբերուած երախտագիտական զգացումներով, աւելցուց առաջնորդ սրբազանը` շեշտը դնելով այս գծով կարգ մը հիմնական սկզբունքներու վրայ, յատկապէս` մանուկը փոքր տարիքէն կամաւոր աշխատանքի վարժեցնելու կարեւորութեան վրայ:
Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի վեթերան անդամներէն` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Տիգի Թորիկեան, որ բացատրեց կամաւոր աշխատանքին իմաստն ու ըմբռնումը` յաչս օտար հանրային կարծիքին, յատկապէս` ՄԱԿ-ին, որ այս առիթով յատուկ օր յատկացուցած է: Տիգի Թորիկեան Կամաւորներու օր-ուան հաստատման եւ անոր յաջորդած պայմաններու հակիրճ պատմականը կատարելով ընդգծեց, որ կամաւոր աշխատանքը մոլութիւն է: Թորիկեան կամաւոր աշխատանքի բացատրութեան համար մէջբերումներ կատարեց Առձեռն Հայկազեան բառարանէն:
Կամաւորը վարձատրութիւն չի ստանար, բայց ի՞նչ կը սպասէ` քաջալերանք, երախտագիտական արտայայտութիւն, շարունակեց Թորիկեան եւ աւելցուց. Ինծի համար ԼՕԽ-ի կամաւորները թանկագին ուժ մըն են, որովհետեւ ինչ որ կը կատարուի անոնց կողմէ ծերին թէ երեխային` կարելի չէ բառերով նկարագրել…:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան, որ բարձր գնահատեց գործը կամաւորներուն, յատկապէս` հայ կամաւորներուն, որոնց արգասիքն էր 28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ Համազգային մշակութային ընկերութեան հիմնումը: Շեշտելով, որ մեր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անդամները կամաւորներ են, Հանտեան ընդգծեց հայ մարդուժի պակասը մերօրեայ պայմաններուն մէջ: Անձնական օրինակով ներգրաւենք նոր կամաւոր տարրեր, պայքարինք նորելուկ աղանդներուն դէմ, երիտասարդութիւնը համախմբենք մեր ազգային եկեղեցւոյ շուրջ, ակումբները պէտք է վերակենսաւորուին ու ընդգրկեն մեր զաւակներուն մեծ մասը, ընդգծեց Հանտեան: Կեանքը պայքար է ու միայն պայքարով կը հասնինք մեր նպատակներուն, շեշտեց ան:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Քէշիշեան, որ իր կարգին վեր առաւ հայ կամաւորին դերը` ընդգծելով, որ կամաւոր աշխատանքը զոհաբերութեան արտայայտութիւն է, առաքինութիւն է, վսեմ նպատակ է: Պարսկերէնով կամաւոր կը նշանակէ ֆիտայի, ու մեր կամաւորները ֆիտայիներ էին, որոնք ազատագրեցին մեր հողերը եւ սփիւռքի մէջ հիմնեցին մեր ազգային կառոյցները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ը: Եթէ մեր միութիւնները հիմնուեցան տխուր առիթներու եւ պայմաններու բերումով, անոնց գործունէութիւնը սակայն լեցուն է հպարտառիթ դէպքերով, ընդգծեց Յակոբ Քէշիշեան:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին անջատ ելոյթներով ջութակի վրայ հանդէս եկան Դալար Մանճեան եւ Մարինա ՀալաճեանԹ
