ԿԱՐԻՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽի Կարինէ մասնաճիւղի վարչութեան, Ամանոսի Ս. Թեհլիրեան ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի 100-ամեակի հիմնադրամին:

Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքին, անոր անդամներուն, ԼՕԽին, որոնք կը հաւատան ժողովուրդէն ժողովուրդին կարգախօսին եւ կ՛աշխատին հոգիով, կը շարունակեն սուրբ գործը` հասնելով կարիքաւորին, հիւանդին, ծերունիին եւ ուսանողին:

Ան աւելցուց, որ ՀՕՄը 100 տարի, իսկ ԼՕԽը 80 տարի գոյատեւելով` կը մնան հայութեան գորովագութ մայրերը, որոնք նաեւ միշտ կարիք ունին կամաւոր գործին հաւատացող եւ ծառայութեան ոգիով տոգորուած անդամներու:

Ապա ներկաներուն Մեծ պահքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան. ան թելադրեց, որ իւրաքանչիւր անձ այս շրջանին ինքն իր կենցաղին յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնէ, պահէ պահքի աւանդութիւնները, որոնք թանկագին արժէքներ են մեզի համար` որպէս քրիստոնեաներու: Ան նշեց, որ բոլորիս պարտականութիւնն է այս արժանիքները փոխանցել սերունդէ սերունդ: Պէտք է զօրացնենք մեր կամքն ու հաւատքը, նաեւ Աստուծոյ հետ մեր կապը պէտք է ամրապնդենք մեր աղօթքներով: Ապա քահանայ հայրը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: