ՀԱՅԱՇԷՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ 18 մայիս 2011-ին Հայաշնի ժողովրդային տան Սեդրակ Աճեմեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան աւանդական հաւաքոյթը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զարուհի Գալեմքերեան: Շնորհաւորելէ ետք բոլոր մայրերը եւ մասնաւորաբար հայ մայրերը` ան նշեց, որ հայ մայրերը Տէր Զօրի անապատին մէջ նահատակ մայրերէն մնացած կտակ ունին` հայ լեզուին ուսուցումն ու հայ ինքնութեան պահպանումը: Ան առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մայրերուն, որպէսզի անոնք կարենան լաւագոյնս կատարել իրենց առաքելութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին գարնանային ծաղիկներու ծաղկեկողովի յարդարումը ներկայացուց Մարլէն Տանակէօզեան, որ մանրամասն անդրադարձաւ բնութեան իւրաքանչիւր ծաղիկի նշանակութիւնն ու անոնց նուիրելու առիթներուն. ան բացատրութիւն տուաւ նաեւ անոնց խնամելու ձեւերուն մասին: Մ. Տանակէօզեան շինիչ կերպով լուսարձակի տակ առաւ ծաղիկներուն կեանքը երկարելու ձեւերը:

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր Նելլա Պէրպէրեանի, Շաքէ Պաղտասարեանի եւ Նժդեհ Շահինեանի մասնակցութեամբ: Շահինեան ընթերցեց ներկաներուն բաժնուած թղթիկը, որ կ՛անդրադառնայ մարդկային վեհ գործերու:

Նշենք, որ հրամցուած ճաշեր պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի խոհանոցի անդամներուն կողմէ:

Ներկաները մեկնեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներով: