ԼՕԽի Արագած մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Շիրինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` մաղթելով հաճելի ժամեր:
Ան յայտնեց, որ ձեռնարկին նպատակն էր օժանդակութիւն տրամադրել շրջանի կարիքաւոր սաներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերային դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան ձեռնարկի յաջողութեան:
Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որ խօսեցաւ պահեցողութեան մասին` դիտել տալով, որ անիկա առիթ է աւելի եւս մօտենալու Աստուծոյ: Վարդապետը շեշտեց, որ պահեցողութեան կողքին շատ կարեւոր է աղօթքը, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութիւնը զգանք մեր հոգիներուն մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին հոգեւոր երգեր ներկայացուց Անայիս ԿետիկեանՆենեճեան: Յայտագիրը ճոխացուց Ճօ Աթաքեան: Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
