Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն, յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` ընդգծելով, որ հայ մանուկին իրաւունքն է հայկական դպրոց յաճախելը:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) քարոզչական յանձնախումբին կողմէ Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով ՀԿՄ-ի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ ուրբաթ, 18 մարտի կէսօրին կազմակերպուած ձեռնարկի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Հայ սեւ գօտիներու միութեան ճիգերը` դրուատելով անոր հիմնադիրին` Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի գործունէութիւնը:
Հայկական վարժարաններէ համախմբուած բազմաթիւ փոքրիկներու ուղղելով իր խօսքը` Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ տղաքը միշտ քաջ եղած են` մեկնաբանելով ձեռնարկին կարգախօսը նկատուած Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի արտայայտութեան իմաստը:
Մեծապէս գնահատելով Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ մանուկներուն կողմէ ներկայացուած քոնկ ֆուի ելոյթները` առաջնորդ սրբազանը անգլերէնով ու արաբերէնով ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց օրուան հիւրերուն, յատկապէս` Մանուկներու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, լիբանանցի անուանի կին Գրագէտ Նուր Սալմանին: Դրուատելով վերջինիս գրական եւ մշակութային ներդրումները` առաջնորդ սրբազանը յիշեց նաեւ անուանի գրողին մօր` Զահիա Սալմանի օգտաշատ ներդրումը արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան ընկերային-հասարակական մարզերուն մէջ:
Սրբազանը այս առիթով նաեւ ողջունեց քոնկ ֆուի մէկ ճիւղին` ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նսէյրը` վեր առնելով անոր բերած մեծ նպաստը Լիբանանի մարզական ու յատկապէս քոնկ ֆուի մարզին մէջ:
Մանուկներու իրաւունքի ուխտի օրուան յատկացուած այս ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ` Մարալ Հարպոյեան, որ ներկայացուց օրուան իմաստը` նշելով անոր շարժառիթը եւ մանուկներու, յատկապէս հա՛յ մանուկի զարգացման նպաստող դերակատար գործօնները, ինչպէս` ԼՕԽ-ի Նարօտ Արտալճեան գրադարանը, ԼՕԽ-ի կողմէ մատուցուող կրթանպաստներն ու առողջապահական-դաստիարակչական բնոյթի ձեռնարկները:
Լիբանանեան քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ներկայացուցած իր բացման խօսքին մէջ Մարալ Հարպոյեան մէկ առ մէկ ողջունեց ներկայ պաշտօնական հիւրերը եւ ներկայացուց յայտագիրին մասնակիցները: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան առաջին բանախօսը` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանը, որ սահիկներու (սլայտ) օգնութեամբ թուեց մանուկներու իրաւունքները: Տէյիրմենճեան թելադրեց քաջ ըլլալ, ինքնավստահ ըլլալ եւ չծածկել կարգ մը ծնողներու յանցագործութիւնները, երբ անոնք կը փորձեն ծեծել իրենց զաւակները: Մենք իբրեւ չափահասներ եկած ենք հաստատելու, թէ կը պաշտպանենք ձեզ: Չլռել, չընդունիլ եղած անարդարութիւնը եւ չպաշտպանել յանցագործ մայրը:
Դուք մեր ազգին ներկան ու ապագան էք, դո՛ւք պիտի ըլլաք վաղուան մեր առաջնորդները, ընդգծեց Մարալ Տեյիրմենճեան:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեան, որ վերյիշեց տասնամեակներ առաջ մտքին մէջ սեւեռած իր երազը` քոնկ ֆուի հայկական միաւորը հիմնելու: Ան հակիրճ խօսքերով թուեց, թէ ինչպէ՛ս երկրէ երկիր շրջելով, մասնագիտանալով քոնկ ֆուի մարզին մէջ, ի վերջոյ յաջողած է հիմնել Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը: Պէտք է ըլլաք քաջ, առողջ միտքով, արթուն միտքով, բայց ազնիւ հոգիով, որովհետեւ այլապէս այդ քաջութիւնը կրնաք սխալ ու գէշ բաներու եւ նպատակներու համար գործածել, ընդգծեց Քեպապճեան` դիտել տալով, որ աշխարհ կը սիրէ հզօրները: Տկարներն ու վախկոտները չեն սիրուիր, արթուն եղէք եւ առողջ եղէք, շեշտեց Քեպապճեան: Ձեր հոգին երբեք ձեզ չի դաւաճաներ, պահեցէք զայն ազնիւ, հաստատեց Քեպապճեան` երանելի նկատելով այսօրուան մանուկները, որոնք կ՛ապրին ու կը տեսնեն ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ապա խօսք առաւ քոնկ ֆու- ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նսէյր, որ արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց Քեպապճեանի եւ քոնկ ֆուի ելոյթով ներկայացած հայ մանուկները: Այս առիթով ան իր խոր յարգանքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Նշենք, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ փոքրիկներ քոնկ ֆուի այլազան մարզախաղերով ելոյթ ունեցան` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:
Աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի տիաքոնիա գրասենեակին կողմէ պատրաստուած գրքոյկներ` մանուկներու իրաւունքներուն մասին:
