ԼՕԽ-Ի ԿԱՐԻՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղի տարեկան պտոյտը տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբեր 2010-ին՝ դէպի Նահր Ասի։

Շուրջ 140 մասնակիցներ առաւօտեան ժամը 8։00-ին սկսան իրենց պտոյտին, որուն ընթացքին անոնք իրարու ծանօթացան, անոնց ներկայացուեցան մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու տարուած աշխատանքները։

Անոնք առիթ ունեցան այցելելու Քսարա գինիի գործարանը, գաղափար ունեցան աշխատանքի բնոյթին եւ ձեւին մասին, նաեւ համտեսեցին համեղ գինին։ Պտոյտի մասնակիցները իրենց աղօթքը կատարեցին Ռայաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ այցելութիւն տուին Մարմարուն ուխտատեղի։

Նահր Ասիի նայող ճաշարանի մը մէջ անոնք ունեցան իրենց կէսօրուան ճաշը։ Կարինէ մասնաճիւղի փոխատենապետը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որ քաջալերեցին ԼՕԽ-ի ձեռնարկը, որուն հասոյթը յաճախ կը տրամադրուի կարիքաւոր սաներուն եւ պարագաներուն։

Ապա տեղի ունեցան դաստիարակչական եւ մտքի խաղեր, նաեւ անոնց տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ Ս. Խաչի տօնին առիթով։

Օրուան աւարտին կիները ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ՝ ԼՕԽ-ին մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն։