ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն տուին ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի «Կազդուրման կայան»ի ծրագիրին մասնակցող պատանի-պարմանուհիներուն՝ Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի մէջ։

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան յաջողութիւն մաղթեց ընկերային յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց կազմակերպած ծրագիրներուն, որոնք կը միտին ուրախացնել ընկերային ծանր պայմաններ ապրող պատանիները՝ զանոնք դուրս հանելով իրենց ապրած նեղ պայմաններէն, ծրագրելով յաջող պտոյտներ եւ այցելութիւններ «Կազդուրման կայան»ի ծրագիրին ծիրին մէջ։

 

Թ. Գլպաշեան նաեւ պատանիներուն մաղթեց լաւ օրեր եւ ուրախ ժամանց, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին եւ անոնց ներկայացուց օրինակներ՝ կամաւոր ԼՕԽ-ականներու աշխատանքին մասին։

Ծրագիրին մասնակցող պատանիները ներկայացուցին կիրակի օրուան իրենց հանդէսի պատրաստութենէն բաժին մը։

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները նաեւ առիթը ունեցան դիտելու անոնց ձեռային աշխատանքները եւ գործերը։

Յայտնենք, որ հանդէսը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 22 օգոստոս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին։

 

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ