Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն էր պատրաստել կազմակերպութեան օրացոյցը, խորհրդածութիւններէ ետք յարմար նկատած էր, որ 2016-ի օրացոյցին էջերուն պատկերազարդման համար դիմէ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտներու, զանոնք քաջալերելու, տաղանդներ յայտնաբերելու եւ Ցեղասպանութենէն 100-ամեակ մը ետք նոր ու երիտասարդ միտքերով ներկայանալու համար հանրութեան: Յանձնախումբին առաջարկով մեծաթիւ…
ԱւելինԵրկուշաբթի 14 Դեկտ. 2015-ի առաւօտեան, Տէր Նարեկ Աւգ. Քհնյ. Շիրիքեան Այցելեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դարմանատունը: Մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց Տէր Հայրը եւ ծանօթացուց Տէր հօր ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: Տէր հայրը մանրամասնօրէն ծանօթացաւ «Աղթամար»ի տարած հսկայ աշխականքին եւ բարձրօրէն գնահատեց մասնաճիւղի տարած ազգօգուտ աշխատանքը: Այս առիթով նաեւ ան սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց մասնաճիւղի…
ԱւելինՇաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի սրահին մէջ եռուզեռ կար: Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Պուրճ Համուտ ) կազմակերպած էր աւանդութիւն դարձած «Ճաշի Պազար»ը: Սրահը լեցուած էր մասնաճիւղի կամաւոր անդամուհիներուն պատրաստած հայկական ճաշերով, անուշեղէններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Կարգ մը անդամուհիներ, իրենց ներդրումը ունեցած էին գումարի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յօդացաւեր» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց բեկաբուժ-վիրաբուժ տոքթ. Փոլ Եազպեք: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Վերժին Խորշիտեան: Ան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ամանորի հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ, Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2015-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ շուրջ 70 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, որմէ ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկը, Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները: Շուրջ 90 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի երդիկին տակ, անմոռանալի ժամեր…
Աւելին«Մեր հայ ժողովուրդը սովորութիւն ունի կաղանդը տօնելու եւ նոր տարին դիմաւորելու ընտանեկան յարկերու տակ՝ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Մենք ալ հիմա հաւաքուած ենք հոս, մեր տան մէջ, ԼՕԽ-ի հարազատ ընտանիքի տան մէջ, վայելելու ամանորեան ուրախութիւնը՝ նախընտրելով մեր ակումբի սրահը, քան այլոց ճաշարանները»: Այս գեղեցիկ եւ պատշաճ խօսքերով, «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) ատենապետուհին` ընկհ. Արշօ Մկրտիչեան, բացումը կատարեց Ամանորի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց…
ԱւելինԼՕԽ–ի «Աղթամար» մասնաճիւղի (Այնճար) ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած, կաղանդի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Դեկ-տեմբեր 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ–ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Սօսի Արամեանի եւ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան, նախ անդրդարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան…
ԱւելինՀինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Անթիլիասի «Maison M» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) տարեկան աւանդական ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Տէմիրճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող…
ԱւելինՀայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի 8 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական, դիւանագիտական, ապահովական եւ հոգեւոր ստուար ներկայացուցչութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը ներկայ էր սոյն ընդունելութեան: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ հրաւիրեց…
ԱւելինՏքուէյնի շրջանի մէջ գործող ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր ընկերային հանդիպում մը, Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, վարչութեան ժողովասրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա Խուստէքեանը, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, համակիրներ եւ հիւրեր: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ. Ժագլին Ագլեան, լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը եւ…
ԱւելինՇաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը, որ տասը տարիներէ իվեր կը հոգայ 100-է աւելի կարօտեալներու եւ անտէր ծերերու շաբաթը միօրեայ ճաշը: 2004-ի աւարտին, Պր. Կիւլպէնկեանի առաջադրանքով եւ ֆինանսաւորումով, ԼՕԽ-ը սկսաւ 100 կարօտեալ եւ անտէր ծերերու շաբաթը մէկ օր տաք ճաշ հրամցնել: Բարերարին փափաքն էր, որ 100 ծերերէն 10-ը ըլլան արաբներ, առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի…
ԱւելինՇաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը, որ տասը տարիներէ իվեր կը հոգայ 100-է աւելի կարօտեալներու եւ անտէր ծերերու շաբաթը միօրեայ ճաշը: 2004-ի աւարտին, Պր. Կիւլպէնկեանի առաջադրանքով եւ ֆինանսաւորումով, ԼՕԽ-ը սկսաւ 100 կարօտեալ եւ անտէր ծերերու շաբաթը մէկ օր տաք ճաշ հրամցնել: Բարերարին փափաքն էր, որ 100 ծերերէն 10-ը ըլլան արաբներ, առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս վարուիլ Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապողի մը հետ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Միռնա Մնայմնէ, գործադիր տնօրէն Լիբանանի «Ալցհայմըր» ընկերակցութեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանիքի անդամներուն փոխյարաբերութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման…
ԱւելինՊուշրիէ շրջանի ,՝՝Արազ՝՝ մասնաճիւղի կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ժըմմէյզիի ՝՝Կրիք Թաւերնա՝՝ ճաշարանին մէջ: Բացման խօսքով, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն ու բոլոր ներկաներուն,ապա հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ, ԼՕԽ-ի կամաւոր ու բարեսիրական աշխատանքին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) վարչութեան կազմակերպած «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեանները, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իրենց մօր՝ ընկհ. Սօսի Սաւուլեանի: Ներկայ էին շրջանի պատկան մարնմնի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Ռուբէն Քհն. Միսիսեանը, խաչուհիներ եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ժիւնիի ՀՄԸՄ ակումբի, «Ժան Ապաճեան» սրահին մէջ, համախմբած էր շուրջ 85 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, համակիրներ, եւ հիւրեր, տօնական օրերու սեմին միասնաբար ուրախ եւ հաճելի ժամանակ անցընելու ակնկալութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերւհիներ : Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, որմէ ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան բացման խօսքով…
ԱւելինՆախանցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը գաղափարը ունեցած էր, հրաւիրելու հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները,անոնց ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, կեդրոնի բաժանմունքները եւ տրամադրած սպասարկութիւնները: Տնօրէններու ու աշակերտներու դրական տպաւորութենէն քաջալերուած որոշուեցաւ սոյն ծրագիրը…
ԱւելինՀայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով, կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ անդրադառնալով ԼՕԽ-ին…
ԱւելինԼիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պաշտամունքով մը յարգեց, շուրջ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, ԼՕԽ-ի բարերարուհի Վիքթորիա Ապումարաքեանի յիշատակը: Պաշտամունքի ընթացքին, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ներկայացուց Վիքթորիա Ապումարաքեանի կեանքի պատմականը: Ան դրուատիքով խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին եւ գնահատեց…
ԱւելինՀայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, որ ցարդ կը շարունակուի շնորհիւ նուիրեալ եւ յաճախ վարագոյրի ետին գործող կիներու, որոնք տակաւին հայկական ձեռագործներուն արժէքին իսկապէս գիտակ են, այդ պատճառով ալ ամենայն բծախնդրութեամբ կը հիւսեն եւ զանոնք իբրեւ թանկագին նուէր ու աւանդ կը դնեն հայերուն եւ օտարներուն տրամադրութեան տակ, նաեւ այդ բոլորը կը կտակեն յառաջիկայ…
Աւելին






















