Նախանցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը գաղափարը ունեցած էր, հրաւիրելու հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները,անոնց ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, կեդրոնի բաժանմունքները եւ տրամադրած սպասարկութիւնները:
Տնօրէններու ու աշակերտներու դրական տպաւորութենէն քաջալերուած որոշուեցաւ սոյն ծրագիրը շարունակել նաեւ այս տարի:
Երկուշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10 :00-ին, Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի 10-րդ կարգի 11 աշակերտներ, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ Սօսի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ ներկայացան ԼՕԽ-ի Պուլղուրճեան կեդրոն: Մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին ընկերուհի Յասմիկ Գէորգեանի սպառիչ բացատրութիւնները: Ընկերուհին ԼՕԽ-ի պատմականը ներկայացնելէ ետք , շեշտը դրաւ կամաւոր աշխատանքի անհրաժեշտութեան ու խթանեց աշակերտները, ծառայելու բարեսիրական հաստատութիւններէ ներս: Ապա տեսերիզի մը ցուցադրութեան ընդմէջէն կեդրոնի Տնօրէնուհի օրդ.Մէյրի Չոլոյեան, աշակերտներուն ներկայացուց, տարիներու ընթացքին, կեդրոնի արձանագրած յաջորդական նուաճումները, որմէ ետք աշակերտները շրջեցան կեդրոնի բոլոր յարկերը:
Այցելութեան աւարտին,աշակերտներուն բաժնուեցան ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի պատրաստած՝ Հայկական աւանդութիւններու գրքոյկը եւ ՀՕՄ-ի ու ԼՕԽ-ի ծննդոցը ներկայացնող թերթիկներ:
Կամաւոր աշխատանքի ներշնչումով ու հաւատքով ԼՕԽ-ը հայութեան կը պատրաստէ նոր նուիրեալներ:
*********
Երկուշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2015-ին,առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կեդրոն այցելեցին նաեւ Լեւոն Մկրտիչեան – Սահակեան վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին՝ Արազ Գէօղլեանի ընկերակցութեամբ:Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ ընթացքով:Աւարտին անոնք խոր գոհունակութեամբ մեկնեցան ԼՕԽ-ի կեդրոնէն:
***********************
Երկուշաբթի, 22 Փետրուար 2016-ին առաւօտեան ժամը 11-ին, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի 10–րդ կարգի աշակերտները, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ Անի Պիլալեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն:
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ ընթացքով:
***********************
Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2016-ին առաւօտեան ժամը 11-ին, Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի 10–րդ կարգի աշակերտները, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիներու՝ տիկ Ռիթա Գազանճեանի եւ Օրդ Բալիկ Խտըրլարեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն:
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ ընթացքով:
***********************














