Լուրեր

«Աշնանային Հանդիպում»

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Տըպայէ շրջանի «Պապէլ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր «Աշնանային Հանդիպում» ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող համակիրներու, թիւով 180 հոգի, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ վարչութեան կողմէ : Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝…

Աւելին
«Ընկերային Հանդիպում»

Թրատ շրջանի ,ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2015-ին, կազմակերպած էր ձեռնարկ մը «Ընկերային Հանդիպում» անուան տակ, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: ԼՕխ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Մարօ Ընգապապեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի…

Աւելին
«Սրբալոյս Միւռոնի Խորհուրդը Եւ Միւռոնօրհնութեան Իմաստը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 16 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սրբալոյս միւռոնի խորհուրդը եւ միւռոնօրհնութեան իմաստը» նիւթով դասախօսութիւնը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան…

Աւելին
«Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղի Նախաճաշի ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Թաշճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն , որոնք քաջալերեցին ձեռնարկը…

Աւելին
«Ընկերային Հանդիպում»

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախագահութեամբ Տիկին Արշալոյս Պարսումեանի, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ «Ընկերային Հանդիպում» ձեռնարկը, «Greek Taverna» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանը, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչները, շրջանի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց…

Աւելին
Դասախօսութիւն «Աղբերու Կուտակումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղբերու կուտակումը եւ մեր առողջութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բժիշկ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով…

Աւելին
«Շուշի» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Զահլէի «Թիլալ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Տէր եւ Տիկին Յարութ Քիւրիւմեանները, հայ եւ օտար հիւրեր, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու…

Աւելին
«Աշնանային հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը 12 Նոյեմբեր 2015-ին «Աշնանային հանդիպում» անուան տակ կազմակերպեց ընկերային հանդիպում մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս, Զալքա: Ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելով…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Ընտանի Անասունները Մեր Շրջապատին Մէջ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ընտանի անասունները մեր շրջապատի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց անասնաբուժ տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Ամանոս շրջանի «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ գործող, ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ներքին ձեռնարկ մը «Ընկերային Հանդիպում» անուան տակ, երկուշաբթի 9 Նոյեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արաքսի Խտըրլարեանի, հրաւիլեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: ԼՕխ-ի քայլերգի յոտնկայս…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական նորընտիր վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ԼՕԽ-ի գործունէութեան հետ առնչուող զանազան նիւթեր:

Աւելին
Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Ներկայացուց Իր Աշխատանքային Ռազմավարութեան Գործադրութեան Առաջին Տեղեկագիրը

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ ներկայացուց խորհուրդին մշակած 2011-2021 տասնամեայ աշխատանքային ռազմավարութեան գործադրութեան առաջին տեղեկագիրը` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններու եւ…

Աւելին
«Donate A Shoe Box» խմբակի այցելութիւնը

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիներն ու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցին «Donate A Shoe Box» խմբակը, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայ գտնուեցաւ գրադարանէն ներս, փոքրիկները ուրախացնելու համար խաղերով եւ նուէրներով: «Donate A Shoe Box» խմբակին հետ ծանօթանալէն ետք, փոքրիկները պատասխանեցին անոնց պատրաստած հարցումներուն…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Սնունդը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան » սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանիքի սնունդը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Տագէսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Հայկական Հիւանդութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հիւանդութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Վարդան Ադամեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց…

Աւելին
«Ոսկի Աշուն» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին՝ երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ «Ոսկի Աշուն» խորագրով ձեռնարկ մը՝ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Վիքթոր Հերկելեան: Ան մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ողջունեց բոլոր ներկաները ապա ներկայացուց օրուայ պատգամախօս՝ Տիկ. Թամար Հերկելեան-Թասլաքեանը: Տիկ. Թամար փոխանցեց օրուայ…

Աւելին
«Ընկերային Հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Հ.Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ֆանար) կազմակերպած «Ընկերային Հանդիպում» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ռոզին Գարաճապլեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց…

Աւելին
Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու Ա. Ժողով (2015)

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր, 2015-ին, Ժիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութիններու միջ-մասնաճիւղերու վարչութիւններու Ա. ժողովը: Ներկայ էին 106 վարչական ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբէն ընկերուհիներ եւ ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պագամաւորական ժողովին մասնակցած պատգամաւորները: ԼՕխ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Շրջանային…

Աւելին
«Խորովածի Երեկոյ»

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Նահր էլ մոթ ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոյ» ձեռնարկը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան իր բացան խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ «Ժողովուրդէն՝ Ժողովուրդին» բնաբանին: Երեկոն ընթացաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Գեղարուեստական յայտագրով իրենց…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Կինը Եւ Առողջութիւնը` Մանկութենէն Մինչեւ Հասուն Տարիք» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կինը եւ առողջութիւնը` մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիք» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար…

Աւելին
Նախաճաշ - Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի ‘’Հայաշէն’’ մասնաճիւղի վարչութիւնը, 20 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, կազմակերպեց նախաճաշ - դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ ‘’Սեդրակ Աճէմեան ‘’ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, քոյր մասնաճիւղերու եւ տիկնաց միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք , բացման…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմանները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմաները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Մէյրի Արեւեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի պտոյտը (2015)

ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղը, 23 Սեպտեմբեր 2015-ին, կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան զանազան վայրեր: Առաւօտեան ժամը 8:30-ին, 26 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ ու համակիրներ ճամբայ ելան ուղղուելով դէպի Մրուժ գիւղը, ուր սուրճի կարճ դադարէ մը ետք այցելեցին «Մար Թաքլա» եկեղեցին, շարունակեցին դէպի Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին, «Քըֆրայա» գինիի գործարանը, ապա Պեքաայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճոխ ու հաճելի մթնոլորտի…

Աւելին
Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

ԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու…

Աւելին