«Ընկերային Հանդիպում»

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախագահութեամբ Տիկին Արշալոյս Պարսումեանի, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ «Ընկերային Հանդիպում» ձեռնարկը, «Greek Taverna» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանը, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչները, շրջանի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց միութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ բարեկամուհիներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕխ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Ուաննէս արտասանեց բարի գալուստի խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար, յատուկ շնորհակալութիւն օրուան նախագահուհիին, որ սիրայօժար ընդառաջած էր վարչութեան հրաւէրը եւ ստանձնած ձեռնարկին նախագահութիւնը:

Ձեռնարկը ընթացաւ անակնկալներով եւ երգիչներուն ճոխ երգերով, որոնք ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ բարձր պահեցին ներկաներուն տրամադրութիւնը: Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները գոհունակ բաժնուեցան, սպասելով վարչութեան կազմակերպած յաջորդ ձեռնարկները: