«Ընկերային Հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Հ.Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ֆանար) կազմակերպած «Ընկերային Հանդիպում» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի:

            ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ռոզին Գարաճապլեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց սննդագիտուհի՝ տիկին Մարիա Թէքէեանը, որ սննդագիտական գիտելիքներով հարստացուց ներկաները:

            Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուեցան մեծ թիւով ներկաներ որոնք գոհունակութեամբ բաժնուեցան ակունբէն: