Դասախօսութիւն` «Հայկական Հիւանդութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական հիւանդութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Վարդան Ադամեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ  Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ Հայկական հիւանդութիւնը ժառանգական, բորբոքումներ պատճառող հիւանդութիւն է, յատկանշուած` տաքութեան յանկարծակի բարձրացումով եւ սուր ցաւերով: Հիւանդութեան արմատները շատ հին են, տարածուած է հայերու, արաբներու, հրեաներու եւ Միջերկրականի շուրջը գտնուող այլ ժողովուրդներու քով: Այդ պատճառով ալ կոչուած է Միջերկրականի ջերմ կամ տենդ անունով:

Տոքթ. Վարդան Ադամեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով Հայկական հիւանդութեան պատմականը: Հիւանդութեան արմատները կը հասնին մինչեւ 3000 տարի: Յոյն փիլիսոփաները խօսած են այս հիւանդութեան եւ անոր պատճառած որովայնի ցաւերուն մասին: Արաբական վերածնունդի շրջանին, Ըպն Սինա նաեւ յիշած է այս հիւանդութիւնը իր գրութիւններուն մէջ: Հետաքրքրականօրէն երկար ժամանակ ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած` հասնելով մինչեւ 1945 թուական, երբ Նիւ Եորքէն բժիշկ մը կը նշէ հիւանդութեան պատճառները, ընթացքը, բայց ոչ բուժման կարելիութիւնները: Ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին եւ  հիւանդութեան վերջնական դասակարգումը տեղի կ՛ունենայ 1967-68 թուականին` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժիշկներէն տոքթ. Ռէյքոնտի կողմէ:

Մինչ  օրս Հայկական հիւանդութիւնը բուժում չ՛ունի, բայց կան կանխարգելիչ միջոցներ: Հայկական հիւանդութիւն անուանումը զուտ ազգային է, ոչ մէկ պաշտօնական միջազգային բժշկական հաստատում ունի:

Միացեալ Նահանգներու մէջ 1979 թուականին 40 հազար պարագաներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ  հետեւեալ տոկոսային պատկերը Հայկական հիւանդութեամբ կը տառապի.

1.- 27 առ հարիւր հայեր

2.- 21 առ հարիւր հրեաներ

3.- 19 առ հարիւր արաբներ եւ թուրքեր

Տոքթ. Վարդան Ադամեան յաջորդ բաժինով ներկայացուց հիւանդութեան հետ առնչուած զանազան մանրամասնութիւններ: Բացատրելով մարդ էակի մարմնի տարբեր համակարգերը` տոքթ. Ադամեան նշեց ժառանգական համակարգը, որովհետեւ Հայկական հիւանդութիւնը ժառանգական է եւ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ` 16-րդ քրոմոսոմին ճամբով:

Խօսելով 16-րդ քրոմոսոմին մասին` բժիշկը բացատրեց, թէ ժամանակի ընթացքին ձեւափոխուելով, բնականօրէն արտադրուող «փիրին փրոթէին»-ը կը դադրի եւ այս փրոթէինի պարտականութիւնն է հակազդել բորբոքումներուն:

Կ՛արժէ ներկայացնել այն բժշկական փաստը, թէ Հայկական հիւանդութիւնը առաւելաբար առկայ է արական սեռին մէջ, քան իգականին` ներկայացնելով հետեւեալ պատկերը. ամէն երկու տղամարդու մէկ կին համեմատութեամբ: Հիւանդութիւնը որքան ուշ տարիքի կը յայտնաբերուի այդքան ընթացքը կը բարդանայ:

Հիւանդութեան գլխաւոր եւ առաջին նշանը ջերմութիւնն է` 38օC – 40.5օC միջեւ: Հայկական հիւանդութիւնը պարբերական հիւանդութիւն է, ունի իր կրկնուող տագնապները (քրիզ), որոնք կարելի է տեղի ունենան շաբաթական, երկշաբաթական, ամսական, ինչպէս նաեւ տարեկան դրութեամբ:

Երկրորդ ախտանշանը ցաւերն են, որոնց արդիւնքն են մարմնի տարբեր օրկանները շրջապատող թաղանթներու բորբոքումի ցաւերը «փիրին փրոթէին»-ի բացակայութեան:

Դասախօսը թուեց հինգ տեսակի ցաւեր, որոնք կ՛ընկերակցին բարձր ջերմութեան.

ա.- Փորի կամ որովայնի ցաւեր, որոնք կը կազմեն 90 առ հարիւրը, կարելի է երկարիլ 12 ժամէն մինչեւ 4 օր:

բ.- Յօդացաւեր, որոնք կը կազմեն 70 տոկոս: Գլխաւորաբար մարմնի վարի բաժինի ցաւերը, ինչպէս` կոնքի, ծունկի եւ այլն: Պէտք է նշել, որ ցաւերը կ՛ըլլան միակողմանի` աջ կամ ձախ:

գ.- Կրծկավանդակի ցաւեր, որոնք արդիւնք են թոքերու թաղանթի բորբոքման. այս կը կազմէ 30 առ հարիւր:

դ.- Մկանային ցաւեր, յատկապէս մարմնի վարի բաժինին մէջ, յաճախ շփոթուելով այլ հիւանդութիւններու ընկերակցող մկանային ցաւերու հետ:

ե.- Ամորձիքներու ցաւ, կը կազմէ 5 առ հարիւրը եւ կրկին անգամ միակողմանի ընթացքով:

Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ երբ հիւանդը բաւարար կամ շարունակաբար բուժում չի ստանար կամ հիւանդութիւնը ախտորոշուած չէ, ասիկա կրնայ առաջնորդել այլ բարդութեան` «Ամիլոյտոզ» երեւոյթին, ուր երիկամը կ՛ախտահարուի հասնելով մինչեւ անբաւարարութեան եւ լուացումի:

Վերջին բաժինով տոքթ. Վարդան Ադամեան բացատրեց, որ ախտաճանաչման յատուկ քննութիւններ գոյութիւն չունին, կայ բաւական սուղ արժող սարք մը, որ քրոմոսոմներու քննութեան ճամբով կարելի է յայտնաբերել հիւանդութիւնը: Բուժման գլխաւոր միջոցը քլոլեթիսին դեղն է: Այս դեղը հիւանդութիւնը չի բուժեր, բայց կը կանխարգիլէ անոր ընթացքը:

Աւարտին դասախօսը զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: