ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի պտոյտը (2015)

ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղը, 23 Սեպտեմբեր 2015-ին, կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան զանազան վայրեր:

            Առաւօտեան ժամը 8:30-ին, 26 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ ու համակիրներ ճամբայ ելան ուղղուելով դէպի Մրուժ գիւղը, ուր սուրճի կարճ դադարէ մը ետք այցելեցին «Մար Թաքլա» եկեղեցին, շարունակեցին դէպի Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին, «Քըֆրայա» գինիի գործարանը, ապա Պեքաայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճոխ ու հաճելի մթնոլորտի մէջ ճաշակեցին հրամցուած ուտելիքները:

Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «Լիթան»ի գետի այցելութիւնը: Մասնակիցները նաւերով շրջեցան գետին վրայ , ուրախ եւ յիշատակելի օր մը անցնելով մեծ գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: