Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Սեւան Մասնաճիւղ

Սեւանայ լիճը ճանչցուած է Կովկասի ամենամեծ լիճը եւ աշխարհի քաղցրահամ ամենաբարձր լիճերէն մէկը:

Սեւանայ լիճին մէջ կը թափին 28 գետեր որոնցմէ նշանաւոր են-Ձկնագետը, Գաւառագետը, Արգիճին, Վարդենիսը, Մասրիկը եւ Արփա Սեւանը: Ժամանակի ընթացքին լիճը կրած է զգալի փոփոխութիւններ: Սեւանայ լիճի ջրաբանական կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնները սկսած են 1926 թ ուականին: «Արփա Սեւան» ջուրի տարեկան հաշուեկշիռը դրական է եւ գոհացուցիչ, կ’օգտագործուի ելեկտրականութիւնը ստանալու համար, Հրազդան գետի միջոցաւ որ կը բխի Սեւանայ լիճէն:

Սեւանայ լիճը ափէն դիտուած, շատ գեղեցիկ է, ջուրը վճիտ իսկ գոյնը կապոյտ-կանաչ:Լճի ափին կը գտնուի չորս գործող ձկնաբուծարաններ, որոնք ամէն տարի լիճ կը ներածեն միլիոնաւոր ձկնիկներ, նաեւ ափերուն կան հանգստեան տուներ եւ ճամբաներ, իսկ եզերքին կը բարձրանան, Արեգնիդ, Վարդենիս եւ Գեղամայ լեռնաշղթաներ: Սեւանայ լիճի թերակղզին նախապէս կղզի էր ուր վանք մը կայ, ներկայիս ան կը գործէ եւ վանքը կը կոչուի «Վազգէնեան դպրավանք»:

Մասնաճիւղը Հիմնուած է 1941-ին ,Լիբանանի ծովեզերեայ ‘’Ճիւնի’’ քաղաքին մէջ:

Առաջին վարչական կազմը եղած է՝ Արուսեակ Սուգիասեան, որ մասնաճիւղի հիմնադիրը կը նկատուի, Սանդիկ Պալեան, Աստղիկ Սաաթճեան, Ալիս Աթէշեան, Անդուանէթ Հաստաճեան, Լուսին Գազանճեան, եւ Վարդուհի Մահլիկեան:

Կը գործէ Հ.Յ.Դ ’’Հրայր Մարուխեան ’’ կոմիտէի հովանիին տակ: իր ժողովներն ու ձեռնարկները կը գումարէ Ճիւնիի Հ.Մ.Ը.Մ –ի ակումբէն ներս:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի "Սեւան" մասնաճիւղի նախաճաշ

ԼՕԽ-ի "Սեւան" մասնաճիւղի վարչութիւնը Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը Ճիւնիի ՀՄԸՄ-ի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի եւ շուրջ 80 ընկերուհկներու եւ համակիրներու։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Սիլվա Խաչերեան 2 լեզուներով կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը,բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն, որոնք մասնակից…

Աւելին
Այցելութիւն Տեսարժան Վայրեր

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի հիւսիսային Լիբանան տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ին: Առաւօտեան կանուխ պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը, ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի «Անֆէ» շրջանի «Սայիտէթ Նաթեր Եկեղեցին, ապա՝ «Գաֆրուն»ի «Քասր Ալ Ահլամ» պալատը: Ներկաները, հոն հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած սուրճով: Շարունակելով, խումբը հասաւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75 Ամեակ

Լ.Օ.Խ.-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ժիւնիի «Ժ. Ապաճեան» սրահին մէջ, նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը, նախագահութեամբ Հասթաճեան քոյրերուն: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան եւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ եւ ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ՝ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Մասնաճիւղի…

Աւելին
Շրջապտոյտ Դէպի Լիբանանի Հարաւային Շրջան

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնիէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Շրջապտոյտը ընթացք առաւ դէպի Սայտա, ուր «Ալ Քնաան» Ճաշարանին մէջ ներկաները կատարեցին իրենց նախաճաշը, շարունակելով իրենց ճամբան այցելեցին «Տէյր Մխալլէս» եւ Մաղտուշէի «Սէյիտէթ Ալ…

Աւելին
Այցելութիւն  Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարան

Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի առիթով Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութիւնը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը եւ այլ սրբավայրեր: Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 25 ընկերուհիներ, որոնք թանգարան այցելելէ ետք, ուղղուեցան Պաթրունի «Մար Իսթֆէն» եկեղեցին, ապա՝ Գաֆթուն շրջանի մէջ գտնուող հրաշալի եւ 900 տարուան «Մար Սարգիս» եկեղեցին: Շարունակելով…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը