ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի հիւսիսային Լիբանան տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ին:
Առաւօտեան կանուխ պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը, ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի «Անֆէ» շրջանի «Սայիտէթ Նաթեր Եկեղեցին, ապա՝ «Գաֆրուն»ի «Քասր Ալ Ահլամ» պալատը: Ներկաները, հոն հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած սուրճով:
Շարունակելով, խումբը հասաւ «Զահլան» քարայրը: Շրջելէ ետք տեսարժան վայրերով օժտուած քարայրին մէջ, մասնակցողները շոգեկառքով բարձրացան մինչեւ մայր դուռ:
Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «ժըսր Ռաշիին» Ճաշարանը, ուր տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Ներկաները ուրախ եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:




