ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ 1939-ին ստեղծուած «Կազդուրման կայան» ծրագիրը երկար տարիներէ ի վեր իրագործուող ծրագիր մըն է, որուն նպատակը եղած է կազդուրել այն երեխաները, որոնք վատառողջ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ առիթը չի ներկայացուիր իրենց կազդուրուելու: Մինչեւ 1975-ի Լիբանանի պատերազմը «Կազդուրման կայան»-ը որպէս վայր կը գործածէր Շթորայի «Աղբալեան» վարժարանը: Հոն էր , որ երեք ամիսներու տեւողութեամբ, յուլիս, օգոստոս եւ…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբի անդամները՝ ընկերակցութեամբ Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի, այցելեցին Այնճարի մէջ յատուկ հոգատարութեան տակ գտնուող 42 տարեցներ: Տէր Միւռոն քհնյ. Օրհնութեան աղօթք կատարեց եւ հաղորդութիւն տուաւ տարեցներուն, անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապագինում:
ԱւելինԼօխ-ի «Կարինէ » մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս) Երեքշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00 ին շրջանի« Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ընկերային հանդիպում մը , ուր սեղանի մը շուրջ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ընկերային յանձնախումբը ինչպէս նաեւ որդեգրուած ծերերը, որոնցէ միքանին չկարողացան ընդառաջել հրաւէրը (առողջապահական պատճառներով) սակայն վարչական ընկերուհիները յանձն առին անոնց ճաշի բաժինը հասցնելու…
ԱւելինՈւրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Մուսա Լերան ազգագրական տոհմիկ երեկոն` մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան յիշելով ՄուսաԼերան հերոսամարտի նահատակ Սամուէլ Մարգարեանը, որուն յիշատակին նուիրուած էր սոյն տոհմիկ երեկոն, ըսաւ, թէ Սամուէլ եւ իր ընկերները…
ԱւելինԳործակցութեամբ համաշխարհային եկեղեցիներու (WCC) եւ կազմակերպութեամբ Պէյրութի մէջ միջին արեւելքի եկեղեցիներու (MECC) արդարութիւն եւ ընկերային ծառայութիւն բաժանմունքի խորհուրդներուն, 6-10 Սեպտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ համագումար մը «Աստուածամօր Լերան» վանքին դասախօսութիւններու յատուկ սրահին մէջ, որու օրակարգին մաս կը կազմէին գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուող հարցեր: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը մեծ շուքով տօնեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Նոյն ծիրէն ներս, շարունակելով իր ծրագիրը, որոշեց ծառատնկում մը իրագործել «Պարուք»-ի մայրիներու անտառին մէջ: Հովանաւոդութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2015-ին, վարչութիւնը կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Պարուք», «Շուֆի» շրջան: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, առաւօտուն…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ պտոյտ մը, կազդուրման կայանի ծրագրին մասնակցող փոքրիկներուն համար (թիւով 30), դէպի Այնճար : Փոքրիկները ուրախացնելը մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Աննկարագրելի էր փոքրիկներուն ուրախութիւնը, որոնք «Պուտաքեան» հաստատութեան կողմէ տրամադրուած գլխարկները գլուխնին դրած եւ T-Shirt-ները հագած…
ԱւելինԼիբանանի մէջ տեսարժան վայրեր տեսնելու, գեղեցիկ բնութիւնը վայելելու, ինչպէս նաեւ ընկերուհիները միատեղ համախմբելու նպատակով, Պուրճ Համուտի ,ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց դաշտագնացութիւն մը, Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2015-ին: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ համակիրներ, մեծ խանդավառութեամբ, ճամբայ ելան դէպի «Մաղտուշէ»-ի «Սայիտէթ Ալմանթարա» ուխտատեղին: Հոն մասնակիցները կատարեցին իրենց ուխտը, միասնաբար աղօթեցին առ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2015-ին: Դաշտագնացութիւնը ընթացք առաւ վեց փոխադրակառքերով, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող կառատունէն: Ներկայ էր նաեւ շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Մըխսեան: Մասնակիցները առաջին հերթին այցելեցին «Էմիուն»-ի «Մար Ժըրժոս» ուխտատեղին, ապա՝…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2015-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը դէպի «Պէքաայ»-ի շրջան: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ, առաւօտուն իրենց տեղերը գրաւեցին փոխադրակառքերուն մէջ եւ Ճամբայ ելան դէպի «Շթորա» : Հոն նախաճաշելէ ետք շարունակեցին դէպի «Զահլէ»-ի գինիի «Քսարա» գործարանը, ուր մասնակիցներուն ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները այս ամառ ունեցան ճոխ յայտագրով օժտուած հարուստ գործունէութիւն մը : Արդարեւ, յատուկ մանուկներու համար ծրագրուած ու պատրաստուած ամառնային երկամսեայ յայտագիրը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ: Երկամսեայ սոյն յայտագիրը կ'ընդգրկէր արժեւորել հայ գիրքը, աշակերտներուն սիրցնել ընթերցանութիւնը…
ԱւելինՊէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, Ընկերային Արդարութիւն Բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան Ֆինանսաւորութեամբ՝ ու ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուած ճաշի եւ ձեռարուեստի դասընթացքները, որ ընթացք առած էին 15 մայիս 2015-ին, բաժնուեցան եռօրեայ չորս սեմինարներու, որոնցմէ երեք ճաշի սեմինարներ տեղի ունեցան ԱՊԸԿ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մանաճիւղի վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Հովանաւորութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հէրկէլեանի, ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2015-ին: Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մուտքէն, իննսուն ընկերուհիներ եւ համակիրներ, երեք փոխադրակառքերով, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, ուղղուեցան դէպի Ժիպէյլի «Թռչնոց…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ MECC եւ Fin Church Aid կազմակերպութիւններուն եւ նախաձեռնութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ու Լ.Օ.Խ.-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին՝ կազմակերպուեցան ձեռագործի եւ ճաշի պատրաստութեան դասընթացքներ՝ մասնաճիւղի նորակառոյց կեդրոնին մէջ, 11-էն 13 Օգոստոս 2015-ին: Կազմակերպութեամբ Մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ ասեղնագործութեան դասընթացք մը՝ դասատու ունենալով Ընկհ. Սիրվարդ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2015-ին կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Ձեռնարկին նպատակն էր համախմբել շրջանի ընկերուհիները, համակիրները եւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացողները, միասնաբար անցնելու հաճելի օր մը բնութեան գիրկը, միաժամանակ կոկիկ գումար մը ապահովելով օգտակար դառնալու կարիքաւորին, հիւանդին ու աշակերտին: Աւելի քան հարիւր յիսուն…
ԱւելինՀինգշաբթի, 20 օգոստոս 2015-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կարգ մը ընկերուհիներ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին, Հայ կաթողիկէ համայնքի նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններէն ետք, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին,ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի, յատկապէս ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը: Արծարծուեցան նաեւ զանազան նիւթեր, որոնք կ՛առնչուէին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» Մասնաճիւղի (Նոր Սիս) շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոս 2015-ին: Հարիւր յիսուն հոգինոց խումբը, երեք հանրակառքերով ուղղուեցաւ դէպի Սայտա, Ղանայի քարայրը, Մաղտուշէի սրբատեղին, ապա Ճզզին՝ ճաշարան: Պտոյտը ունեցաւ շատ հեզասահ եւ հաճելի ընթացք: Ճաշարանը՝ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ եւ բարի ախորժակ մաղթեց ներկաներուն: Երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան հայկական երգերով խանդավառեց…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, Ֆանարի, ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015-ին: Սոյն դաշտագնացութեան ներկայ էին վաթսուներկու մասնակցողներ, որոնք առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ֆանարի ակումբէն մեկնեցան դէպի Շթորայի Գարեջուրի գործարանը, ապա շարունակեցին դէպի Զահլէի Ս…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին,Պուշրիէի, ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ընկերուհիները միատեղուեցան մասնաճիւղի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, մեկնելու համար դէպի Պաագլինի շրջան: Ութսուն մասնակիցները, երեք փոխադրակառքերով մեկնեցան դէպի Շուֆ եւ յաջորդաբար այցելեցին Սայիտէթ էլ թէլ Եկեղեցին, ապա Այն Զէյն քարայրը, կէսօրուան ժամերուն անոնք ճաշեցին Շալլալաթ Զարքա շքեղ Ճաշարանին մԷջ: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝…
ԱւելինԳործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, եւ նիւթական օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ գործող բնապահպանութեան "SPNL” ընկերակցութեան, Շաբաթ 11 Օգոսոտս 2015-ի կէսօրուան ժամը 1:30-ին տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանոցի բացումը՝ որ կը միտի պահպանել ձեռարուեստները, շեշտը դնելով հայկական բացառիկ գործերու վրայ, ինչպէս «Սուազ»ի, հայկական էթամինի, եւ այլ շրջաններու աւանդական…
ԱւելինԼՕԽ-ի բոլոր ձեռնարկներն ու պտոյտները կը կայանան օգտակարն ու հաճելին միաձուլելով ուրախ օր մը անցնելու ակնկալութեամբ: ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի տարեկան պտոյտը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոս 2015-ին: Մասնակիցները «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն, երեք փոխադրակառքերով ճամբայ ելան դէպի Kfardebian-ի ճաշարանը ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը այցելեց շրջանի բերդը, որ կառուցուած էր Քրիստոսէ առաջ, ուր կար մնացորդացը Յունական քաղաքակրթութեան: Որմէ…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2015-ին, աւարտեցաւ MECC եւ Fin Church Aid կազմակերպութեան ֆինանսաւորած ծրագրին, ճաշի դասընթացքի երրորդ հանգրուանը , որ կայացաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի զոյգ յանձնախումբերու գործակցութեամբ, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս: 25 Լիբանանահայ տիկիններ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան սոյն դասընթացքին, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ շնորհիւ կամաւոր դասատուներու…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015-ին: Մասնակիցները առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի Պիքֆայա, այցելելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին Մայրավանք, մօտէն ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան-կոթողներուն եւ աղօթելու մատրան մէջ: Ապա շարունակեցին դէպի Հըմլայա, այցելելու Ս. Րաֆքայի փոքր մատուռը (նախապէս…
ԱւելինԺպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի ‹‹ՍՕՍԷ›› Մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան տարեկան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը դէպի Այնճար: Չորեքշբթի, 30 Յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին , Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն» ժամանած էին ընկերուհիներ, հիւրեր եւ շրջանի օտար բնակիչներ մասնակցելու ԼՕԽ-ի պտոյտին: Փոխադրակառքերը, նախ ըստ ծրագրուած յայտագրին, ուղղուեցան դէպի Այնճար :Նախաճաշելէ ետք խումբը այցելեց Այնճարի բերդը, ապա ուղղուեցաւ դէպի «Ռազմիկ»…
Աւելին






















