Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2015-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը դէպի «Պէքաայ»-ի շրջան:
Մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ, առաւօտուն իրենց տեղերը գրաւեցին փոխադրակառքերուն մէջ եւ Ճամբայ ելան դէպի «Շթորա» : Հոն նախաճաշելէ ետք շարունակեցին դէպի «Զահլէ»-ի գինիի «Քսարա» գործարանը, ուր մասնակիցներուն ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, գինիի պատրաստութեան եւ գործարանի հիմնադրութեան մասին: Անոնք համտեսեցին իրենց հրամցուած գինիի տարբեր տեսակները, ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին, ուր յիշատակի նկարներ նկարուելէ ետք այցելեցին «Զահլէ»-ի Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը դիմաւորեց զիրենք, բանալով եկեղեցւոյ դռները: Ներկաները իրենց մոմերը վառեցին եւ աղօթքը բարձրացուցին , ապա շարունակեցին շրջապտոյտը:
Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Այնճարի «Ժէզիրէ» ճաշարանը: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Ուաննէս, իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս շրջանի «Դրօ» կոմիտէին, որ ինչպէս միշտ այս անգամ եւս թեւ-թիկունք եղած է վարչութեան:
Ճաշկերոյթը ընթացաւ հայկական ճոխ երգերով եւ պարերով : Տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառք եւ վիճակաձգութիւն: Երեկոյեան մասնակիցները գոհունակ եւ անմոռանալի յիշատակներով վերադարձան իրենց տուները:






