Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութեան ծրագրի իրագործումը սկսաւ ընկերային հանդիպումով մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ , 24 Յուլիս 2015-ին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահէն ներս: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ համակիրներ: Յիշեալ հանդիպումը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա մասնաճիւղի…
ԱւելինԼՕԽ-ի ‹‹Անահիտ›› Մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը, դէպի հարաւային Լիբանան, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2015-ին: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, պտոյտի նախագահութիւնը ստանձնած՝ ընկհ. Արշօ Ներսէսեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ համակիրներ: Փոխադրակառքերը, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, նախ ըստ ծրագրուած յայտագրին, ուղղուեցան դէպի…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն իսկ սկսած է իր ամառնային գործունէութեան, որ կը կատարուի խանդավառ առօրեայով: Հոն կը յաճախեն 5-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած է 2015 ամրան յատուկ յայտագիր, որ կ՛իրագործուի ամէնօրեայ դրութեամբ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ` հայ գիրքի ընթերցանութիւն, ամառնային յատուկ դասեր, ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում…
ԱւելինՀայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան, իր Լիբանանի մէջ հայկական կառոյցներ այցելութիւններու ծիրէն ներս, Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան ամփոփ կէտերու մէջ, ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի աշխատանքները եւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը: Պրն. Ծառուկեան շրջեցաւ կեդրոնի բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ « Ն. Արտալճեան » մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Երեքշաբթի 14 Յուլիս 2015-ին գրադարանի փոքրիկները ապրեցան միօրեայ երկար , բացառիկ եւ ճոխ պտոյտի օր մը դէպի «Քսրուան»-ի գիւղերը։ Սոյն պտոյտին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, յանձնախումբի ընկերուհիները եւ շուրջ 25 փոքրիկներ ։ Պտոյտը սկսաւ առաւօտեան ժամը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Ժունիէի միջազգային փառատօնին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններուն, շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ի երեկոյեան հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ժունիէի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ, ուր ամէն ինչ պարուրուած էր հայկական շունչով եւ դրոշմով: Յատկանշական էր, որ նման փառատօնի մը ծիրին մէջ երեկոյ մը ճշդուած էր հայկական մշակոյթին եւ…
ԱւելինՆախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 9 Յուլիս եւ Ուրբաթ, 10 Յուլիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ նպաստաբաշխում, Լիբանան ապաստանած 500 Սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու: Օժանդակութիւնը տրամադրուած էր Շաղուրի ընտանիքին կողմէ , որ կը միտէր յարգել իրենց վաղամեռիկ որդւոյն յիշատակը: Ընտանիքին փափաքն էր, որ իւրաքանչիւր…
ԱւելինՖինանսաւորութեամբ՝՝ MECC եւ Finn Church Aid կազմակերպութեան , նախաձեռնութեամբ՝ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , գործակցութեամբ, «Վ.Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, կազմակերպուեցան ճաշի դասընթացքներ, 25 Լիբանանահայ տիկիններու համար, անոնց ընկերային պայմանները բարելաւելու եւ գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ : Շնորհիւ խմբակի մը հետեւողական աշխատանքին կարելի եղաւ յաջողոցնել սոյն ծրագիրը, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի…
ԱւելինՖինանսաւորութեամբ՝ «MECC եւ Finn Church Aid » կազմակերպութեան, նախաձեռնութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ գործակցութեամբ՝ ձեռարուեստի յանձնախումբին, կազմակերպուեցան ձեռագործի դասընթացքներ, ԱՊԸԿ «Թնճուկեան »սրահէն ներս, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 Լիբանանահայ տիկիններու: Ծրագիրը ընթացք առաւ 5 Մայիս 2015-ին եւ շարունակուեցաւ շաբաթական միօրեայ դրութեամբ մինչեւ 9 Յուլիս 2015: Դասընթացքները կը միտէին հայուհիները ինքնաբաւ…
Աւելին80 տարիներ առաջ Քարանթինայի հիւղաւանին մէջ ծնունդ առած ԼՕԽ-ի նախ «Քարանթինա», ապա «Աստղիկ» անունը կրող մասնաճիւղը երէկ` կիրակի, 28 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը` տպաւորիչ ու մարդաշատ հանդիսութեամբ մը, որ կը կրէր հովանաւորութիւնը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Լիբանանի…
Աւելին17 Յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Ճոմպալաքեան-Քերոբեան Սրտի ճաշարան»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ճաշ Եփելու Արուեստը» դասընթացքին աւարտական հանդիպումը ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն, խոհանոցի յանձնախումբին, դասատուներուն եւ աւարտականներուն: Ջերմ, հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, աւելի քան երկու ամիսներէ իվեր դասընթացքին հետեւող 14 հայուհիներ վկայուեցան յատուկ վկայագրերով: Բացման…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Յարաբերական յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ՝ Տիկին Սառա Մանուկեանին, Որբաթ, 12 Յունիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, «Պրումմաննա» շրջանի «Փրիթանիա» պանդոկի, բացօդեայ ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ տարեկան Ճաշի ձեռնարկը, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Ճափոնի Դեսպանին Տիկնոջ, բարերարներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Յարաբերական յանձնախումբի ատենտապետուհի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն-կեդրոնի բացումը: Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքով եւ ժապաւէնի հատումով տեղի ունեցաւ դարմանատուն-կեդրոնին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հրաւիրեալներու: Սրահի մուտքին, վարչութիւնը ներկաները դիմաւորեց կարմիր վարդերով եւ վարչական ընկերուհիներուն պատրաստած ԼՕԽ-ի նշանակը կրող նուռեր նուիրելով: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկընդրութենէն ետք, վարչութեան…
ԱւելինԳարնանային այս գեղեցիկ օրը, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան » մասնաճիւղը (Զալքա) որոշեց ձեռնարկով մը նշել եւ պատուել շրջանի առաքինի մայրերը: Մայիս 26-ը, Զալքայի «Diwan El Hachem« ճաշարանը, եղաւ ժամադրավայրը շրջանի ընկերուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն: Մուտքին մայրերը դիմաւորուեցան մէկական կարմիր թուագրուած մեխակներով, որպէսզի ձեռնարկի աւարտին թիւ մը քաշելով որոշուի օրուան բախտաւոր մայրը: Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի կէսօրէ առաջ, ՀՄԸՄ-Աղբալեան մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Թալին Գլպաշեանին, Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանին, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ականներու եւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի (Մար ԵուսէՖ) կազմակերպած ,Մայրերու Օրուայ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 Մայիս 2015-ին, Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ, «Սարգիս եւ Արշօ Ներսէսեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ Տիկ. Արշօ Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկի…
ԱւելինՀետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան, այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը կազմակերպեց «Մայրերու Օր», որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 26 Մայիս 2015-ին, Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Ազգային Քոլէճի հադիսասրահին մէջ, ուր ներկայ էին մասնաճիւղի անդամուհիներ, հրաւիրեալներ եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, ապա վարչութեան ատենապետուհին կատարեց բացման խօսքը, բարի գալուստ եւ ուրախ ժամեր…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Երկուշաբթի 25 Մայիս 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքին երրորդը "Ոսկրափտութիւնը եւ “Տի” Կենսանիւթը” նիւթով ,զորս ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տօքթ. Յարութիւն Այնթապլիան : ԼՕԽ-ի “Աղթամար”…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Երկուշաբթի 25 Մայիս 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքին երրորդը "Ոսկրափտութիւնը եւ “Տի” Կենսանիւթը” նիւթով ,զորս ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տօքթ. Յարութիւն Այնթապլիան : ԼՕԽ-ի “Աղթամար”…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (Ժպէյլ) վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Եւ Հայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին,երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, ընկերներու, տեղացի հիւրերու եւ Պաթրունէն ժամանած հրաւիրեալներու .թիւով 123 հոգի: Մուտքին, վարչութիւնը մայրերը եւ մեծ մայրերը դիմաւորեց ծաղիկներու թաղարներով եւ անուշահոտերով իսկ հայրերը բանալիի…
ԱւելինԼՕԽ-ի ''Կարս '' մասնաճիւղի Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը այս տարի կազմակերպուեցաւ դէպի Այնճար , Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի , Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբէն եւ մասնաճիւղէն անդամուհիներու եւ շրջանէն ԼՕԽ-ի բարեկամներու մասնակցութեամբ : 80 հոգինոց խումբը առաջին հերթին այցելեց վերանորոգուած Ազգային Բուժարանը , ուր բժշկապետ Մկրտիչ Պետրոսեան լայնօրէն անդրադարձաւ բուժարանին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը տեղի ունեցաւ 22 Մայիս 2015-ին, «White Tower» պանդոկի, «Արարատ Փալաս» սրահին մէջ։ Ներկաները դիմաւորուեցան գարնանային ճերմակ վարդերով։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Մակարեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանին, մասնաճիւղի մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Շաբաթ 16 Մայիսին 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 3 դասախօսական շարքերու երկրորդը “Գերզգայնութեան գլխաւոր պատճառները ” նիւթով ,զորս ներկայացուց մանկաբուժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան : “Աղթամար” մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ ընկհ…
Աւելին






















