Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ « Ն. Արտալճեան » մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Երեքշաբթի 14 Յուլիս 2015-ին գրադարանի փոքրիկները ապրեցան միօրեայ երկար , բացառիկ եւ ճոխ պտոյտի օր մը դէպի «Քսրուան»-ի գիւղերը։ Սոյն պտոյտին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, յանձնախումբի ընկերուհիները եւ շուրջ 25 փոքրիկներ ։
Պտոյտը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8։30-ին , առաջին կայարանը եղաւ «Ֆաարա»-բերդը, ուր աշակերտները շուրջ 2 ժամ տեւողութեամբ շատ հաճելի ժամեր անցուցին, դիտելով այդ տեսարժան վայրը մեծ հետաքրքրութեամբ, յիշատակի նկարներ առնելով հրաժեշտ տուին բերդէն։
Երկրորդ կայարանն էր «Մէյրուպա»-ի «La Girafe» ճաշարան-խաղավայրը, ուր նախաճաշեցին յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ հրամցուած հացիկները եւ օշարակը, որմէ ետք սկսաւ իրենց այդ օրուայ արկածախնդրութիւնը։ Անոնք կազմեցին գրադարանի Ֆութպոլի խումբը եւ մեծ եռանդով խաղցան, ապա ճաշեցին եւ հիւրասիրուեցան պաղպաղակով :
Ժամը 4։00-ին հրաժեշտ տուին ճաշարան-խաղավայրին, գրադարան հասան 5։00-ին :
Փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները, պատմելով իրենց ծնողներուն թէ՝ « ԼՕԽ-ը իսկապէս բարեսիրական , մարդասիրական եւ փոքրիկները ուրախացնելու իւրայատուկ կազմակերպութիւն մըն է» ։









