ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը տեղի ունեցաւ 22 Մայիս 2015-ին, «White Tower» պանդոկի, «Արարատ Փալաս» սրահին մէջ։
Ներկաները դիմաւորուեցան գարնանային ճերմակ վարդերով։
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Մակարեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանին, մասնաճիւղի մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի եւ բոլոր ներկաներուն, ապա հրաւիրեց ընկհ. Թալին Գըլպաշեան որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ 65-ամեակի առթիւ։
Ընկհ. Թալին նախ խիստ գնահատեց մասնաճիւղի 65 տարուան աշխատանքը եւ մաղթեց այսպէս շարունակելով միշտ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ աննկուն կամքով հասնիլ ժողովուրդին կարիքներուն, ապա շնորհաւորեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը։
Մասնաճիւղի ատենապետուհին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց կողքին գտնուողներուն, ինչպէս «Դրօ» կոմիտէն եւ այն ընկերուհիները, որոնք միշտ ներկայ են եւ նեցուկ կը կանգնին վարչութեան աշխատանքներուն։
Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը եւ մինչեւ օրս կատարուած գործունէութեան մարզերը։
Ներկայ էր ընկհ. Սիլվա Թագւորեան ՀՕՄ-ի Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի, Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետուհին, որ իր կարգին սրտի խօսքը փոխանցեց, շնորհաւորելէ ետք մասնաճիւղի 65-ամեակը, գեղեցիկ կերպով անդրադարձաւ Մայիս ամսուան մայրերու օրուան մասին։
Երգիչ՝ Արարատ Ահարոնեան ճոխացուց մթնոլորտը իր խանդավառ երգերով։ Ապա կատարուեցաւ 65-ամեակի կարկանդակի հատումը, ներկայութեամբ բոլոր նոր ու նախկին ընկերուհիներուն։
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, նուիրատուութիւն եւ հիւրասիրութիւն։














