«Մայրերու Օր» (2015)

Հետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան, այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը կազմակերպեց «Մայրերու Օր», որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 26 Մայիս 2015-ին,

Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Ազգային Քոլէճի հադիսասրահին մէջ, ուր ներկայ էին մասնաճիւղի անդամուհիներ, հրաւիրեալներ եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ:

         Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, ապա վարչութեան ատենապետուհին կատարեց բացման խօսքը, բարի գալուստ եւ ուրախ ժամեր մաղթելով ներկաներուն:

         Օրուան յայտագիրը սկսաւ դասախօսութեամբ մը, զոր ներկայացուց Քրիսթին Սագիսեան, որուն թեման էր մայրութիւնը: Ան ըլլալով ընկերային ծառայող, շեշտը դրաւ իր ասպարէզէն ստացած փորձառութեան վրայ: Ան ամէն օր կը հանդիպի տասնեակներով մայրերու, անոնց տալով զաւակը դաստիարակելու յատուկ ցուցմունքներ, օրինակներ տալով մայր ու զաւակ սիրալիր յարաբերութեան վերաբերեալ: Ան իր խօսքը աւարտեց մայր ու որդի յարաբերութեան յուզիչ դրուագի մը պատմութեամբ:

         Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանի, որ մեկնաբանեց Սայաթ Նովայի երգերէն փունջ մը, ինչպէս նաեւ ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգեր:

         Արտասանելու հրաւիրուեցաւ Մարալ Վարդապետեան, որ արտասանեց մայրերու նուիրուած քանի մը բանաստեղծութիւններ:

         Իր սրտին խօսքը արտայայտելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ, որ անդրադարձաւ մայրութեան հեղինակութեան եւ ընտանիքի առողջ պահպանման: Ան յիշեց նաեւ Մայիս 28-ի խորհուրդը, պատմական հակիրճ ակնարկ մը նետելով Հայաստանի Ա. Անկախութեան ստեղծման, որ իրականացաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի միահամուռ զօրակցութեամբ, նոյն ատեն յիշեց հայ մօր նուիրումը, որ քաջալերեց իր զաւակները միանալու Արամ Մանուկեանի կոչին:

         Հայ մօր զոհողութեան առընչուած դէպք մը պատմեց Օրդ. Պերճանուշ Պասմաճեան, յիշատակելով նշանաւոր պոլսահայ գրագէտ Մնձուրիի ծնունդը, որ պատահած է դաշտին մէջ մօր աշխատանքի պահուն:

         Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, որմէ ներշնչուած ներկաներէն շատեր կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, նոյն ատեն վայելեցին վարչութեան հրամցուցած համեղ ճաշը եւ անուշեղէնները:

         Նախքան հանդիսութեան աւարտը, վարչութիւնը փունջ մը ծաղիկով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վաչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Իսկուկ Գաբլանեանին, որ ամբողջ տարին ուշադիր հետեւեցաւ վարչութեան գործունէութեան, յատուկ ցուցմունքներով եւ խորհուրդներով:

         Օրուան յայտագիրը փակուեցաւ անխուսափելի վիճակահանութեամբ, որմէ բախտաւորուեցան բազմաթիւ ներկաներ:

         Հանդիսականները սրահէն բաժնուեցան ուրախ տրամադրութեամբ: