Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Աշխէն Մասնաճիւղ

Աշխէն ալաններու Աշխադար թագաւորին դուստրն էր: Ան ամուսնացած էր Հայոց Արշակունեաց տոհմէն Տրդատ թագաւորին հետ: 301 թուականին երբ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուեցաւ Հայաստանի մէջ, Ս. Գրիգոր հայրապետը Հայաստանի ամէն կողմերը քարոզչութիւններ ըրաւ եւ մկրտութիւններ կատարեց:

Տրդատ, Գրիգոր Լուսաւորիչէն ընդունելով ճշմարիտ կրօնքը ինք ու Աշխէն թագուհին իր պալատականներով քրիստոնեայ մկրտուեցան Ս. Հայրապետին ձեռքով Արածանի գետին մէջ:

Աշխէն թագուհին քրիստոնեայ մկրտուելէ ետք Տրդատի հետ միասնաբար, կործանել տուաւ բոլոր կուռքերն ու մեհեանները եւ անոնց տեղերը կառուցեց եկեղեցիներ եւ քրիստոնեայ սուրբերու վկայարաններ:

Ան եղաւ համայն աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին թագուհին: Դարձաւ լուսատու ջահ մը եւ քրիստոնէական հաւատքով լուսաւորեց մեր պատմութեան մութ էջերը:

Հիմնուած է 1946-ին, Անդր նահրի սկզբնաւորութեան, նախ «Նոր Մարաշ» անունով , հետագային «Աշխէն» անունը ստացած է : Հիմնադիր ընկերուհիներն են՝ Անոյշ Տատեան, Հայկանոյշ Գույումճեան, Պերճուհի Մինասեան, Արաքսի Քէպապճեան, Շնորհիկ Քէրէմէթլեան, Էլիզ Էսմէրեան, Արշակուհի Տարագճեան, եւ Մարի Քէօյլեան:

Վարչութիւնը կը գործէ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ, Երեւանեան շէնք, իր շրջանին մէջ քաղաքացիական պատերազմի որպէս հետեւանք « Ս. Քարասնից Մանկանց » Ազգային մանկապարտէզը կը վերածուի հիւանդանոցի « Ֆստըքճեան» անունով:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց երգիչ Նշան…

Աւելին
Բարեկենդան

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) կազմակերպած Բարեկենդանի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 24 փետրուար 2017-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի անդամուհիները եւ բարեկամուհիներ: Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա մասնաճիւղի վարչութեան…

Աւելին
Աւանդական Ճաշի Պազար

Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշի պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, որ յաջողութիւն արձանագրեց նիւթապէս եւ բարոյապէս: Վարչութիւնը այս պազարին յաջողութիւնը կը պարտի կամաւոր օժանդակութեան մասնաճիւղի անդամուհիներուն, ոմանց՝ կատարած նուիրատուութեանց, ուրիշներու ճաշի պատրաստութեանց: Պազարին վաճառուեցան հայկական ճաշեր, անուշեղէններ եւ…

Աւելին
Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց երգիչ Նժդեհ…

Աւելին
Պտոյտ Մայրերու Օրուան Առիթով

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» (Մարաշ) մասնաճիւղի վարչութեան մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած պտոյտը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ շուրջ 100 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պեքաայի Զահլէ քաղաքը, ուր առաջին հանգրուանին, խումբը այցելեց Ksara գինիի գործարանը: Հոն, ծանօթանալէ ետք գործարանի…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
Բոլոր լուրերը