Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց  երգիչ Նշան Վարդանեանը, որ ժողովրդական , աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ:

 Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ  վիճակաձգութիւն:

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: