Աւանդական Ճաշի Պազար

Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի կազմակերպած  ճաշի պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, որ յաջողութիւն  արձանագրեց նիւթապէս եւ բարոյապէս: Վարչութիւնը այս պազարին յաջողութիւնը  կը պարտի կամաւոր օժանդակութեան մասնաճիւղի անդամուհիներուն, ոմանց՝ կատարած նուիրատուութեանց, ուրիշներու ճաշի պատրաստութեանց:

Պազարին վաճառուեցան հայկական ճաշեր, անուշեղէններ եւ ձեռային աշխատանքներ:

Սրահին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ, եւ հոն գտնուող մանուկներուն ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ անակնկալօրէն սրահ ժամանեցին Կաղանդ Պապուկը, խամաճիկն ու թզուկը, որոնք մանուկներուն հետ երգեցին, պարեցին եւ խաղացին: Ապա մանուկները Կաղանդ Պապուկին ձեռամբ ստացան  կաղանդչէքներ՝ պատրաստուած մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: