Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Յարաբերական յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ՝ Տիկին Սառա Մանուկեանին, Որբաթ, 12 Յունիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, «Պրումմաննա» շրջանի «Փրիթանիա» պանդոկի, բացօդեայ ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ տարեկան Ճաշի ձեռնարկը, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Ճափոնի Դեսպանին Տիկնոջ, բարերարներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Յարաբերական յանձնախումբի ատենտապետուհի ՝ ընկհ. Յասմիկ Սամուէլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան, սոյն ձեռնարկին հովանաւորութիւը ստանձնելուն համար , ինչպէս նաեւ Տիկին Սառա Մանուկեանին, ձեռնարկին նախագահութեան համար :
Ան փոխանցեց թէ՝ « նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին ունենալով երկու նպատակ ՝ համախմբել խաչուհիներն ու բարեկամները , ինչպէս նաեւ հասոյթը տրամադրել ԼՕԽ-ի բարեսիրական նպատակներուն»...:
Արաբերէնով ԼՕԽ-ի խօսքը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանը:
Բնութեան գիրկը , ծաղիկներով եւ գունագեղ գլխարկներով զարդարուած սեղաններուն շուրջ, ներկաները ապրեցան հաճելի ժամեր:
Գեղարուեստական յայտագրով , երիտասարդ ջութակահար՝ Լիւսի Չամսարեան հրամցուց հայ եւ օտար եղանակներ :
Ձեռնարկի ընթացքին եղան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:



















