Լիբանանի մէջ տեսարժան վայրեր տեսնելու, գեղեցիկ բնութիւնը վայելելու, ինչպէս նաեւ ընկերուհիները միատեղ համախմբելու նպատակով, Պուրճ Համուտի ,ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց դաշտագնացութիւն մը, Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2015-ին:
ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ համակիրներ, մեծ խանդավառութեամբ, ճամբայ ելան դէպի «Մաղտուշէ»-ի «Սայիտէթ Ալմանթարա» ուխտատեղին: Հոն մասնակիցները կատարեցին իրենց ուխտը, միասնաբար աղօթեցին առ Աստուած, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նախաճաշելէ եւ յուշանուէրներ գնելէ ետք յաջորդաբար այցելեցին « Տէյր Ալ Գամար»-ի շուկան եւ «Գասըր Մուսա»:
Պտոյտի վերջին համգրուանը եղաւ Շուֆ շրջանի «Շալլալաթ Ալ Պարուգ» ճաշարանը: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ատէլ Դերձակեան, իր բացման խօսքին մէջ, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը եւ կոչ ուղղեց երիտասարդուհիներուն խտացնել միութեան շարքերը: Ճաշարանի փոքր ջրվէժներու կարկաչն ու հայկական մեղեդիները միախառնուեցան եւ ստեղծեցին շատ հաճելի մթնոլորտ մը, որմէ խանդավառուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Կատարուեցաւ նաեւ աւանդութիւն դարձած վիճակաձգութիւնը:
Երեկոյեան ընկերուհիները մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:









