Ամառնային Առաջին Ձեռնարկ (2015)

            ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մանաճիւղի վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրերը:

            Հովանաւորութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հէրկէլեանի, ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2015-ին:

            Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մուտքէն, իննսուն ընկերուհիներ եւ համակիրներ, երեք փոխադրակառքերով, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, ուղղուեցան դէպի Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի նորակառոյց թանգարանը, ուր Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ մօտէն ծանօթացան 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայ մանուկներու պատմութեան, արդիական սարքաւորումով ներկայացուած պատկերներու ընդմէջէն: Այցը մեծ յուզում յառաջացուց ներկաներուն :

            Շարունակելով պտոյտը, այցելեցին «Անայա» գիւղի «Մար Շարպէլ» եկեղեցին, ուր աղօթք բարձրացուցին Լիբանանի խաղաղութեան համար, ապա ուղղուեցան դէպի «Տումա » գեղեցիկ գիւղը, ուր բնութիւնը իր մաքրութեամբ նոր շունչ տուաւ ներկաներուն: Հոն «Էսգլաբիօ» ճաշարանին մէջ, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Արշօ Մկրտիչեան , բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն բացատրեց պտոյտին նպատակը:
Տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ՝ պրն. Նժդեհ Պոտրումեանի, որ ներկայացուց փունջ մը հայրենասիրական, ազգագրական եւ յեղափոխական երգեր:

            Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ :