«Աշնանային հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը 12 Նոյեմբեր 2015-ին «Աշնանային հանդիպում» անուան տակ կազմակերպեց ընկերային հանդիպում մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս, Զալքա:

Ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին ըսաւ: «Սիրելի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան կը փորձենք միասին աշխատիլ ,ընդլայնել մեր ծառայութիւնը, հանուն Հայ անհատին բարօրութեան, լումաները կաթիլ առ կաթիլ հաւաքելով օգտակար դառնալ կարիքաւոր Հայ ընտանիքներու»:

«Սիրելիներ մենք մեծ նուիրումով պիտի շարունակենք մեր երթը, օրինակ հանդիսանալով նորահաս սերունդին, որոնք պիտի շարունակեն այս կամաւոր գործը, բարձր պահելով ԼՕԽ-ի պայծառ դրօշը»......

Ապա ներկաները ըմբոշխնեցին Հայկական ժողովրդական եւ գաւառական երգեր որմէ ետք եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ: Տեղի ունեցաւ թուագրեալ խաղի մրցում: Վեց ներկաներ ստացան նուէրներ:

Ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ: