Նախաճաշ - Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի ‘’Հայաշէն’’ մասնաճիւղի վարչութիւնը, 20 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, կազմակերպեց նախաճաշ - դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ ‘’Սեդրակ Աճէմեան ‘’ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, քոյր մասնաճիւղերու եւ տիկնաց միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամուհիներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք , բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեանը,

ուր ըսաւ թէ:--«ԼՕԽ-ի ձեռնարկները կը յաջողին եւ իրենց նպատակին կը հասնին շնորհիւ ներկա ներուն քաջալերանքին ,որովհետեւ կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, ընկերային թէ կրթական պարագաներուն թիւը օրէ օր կ՛աւելնայ , ինչ որ յաւելեալ աշխատանքի կը մղէ վարչութիւնը նիւթական ապահովելու համար :

եթէ ձեզ նման գիտակից եւ ԼՕԽ- ի գործունէութիւնը գնահատողներ եւ քաջալերողներ չըլլան, հաւատացեք որ վարչութեան ծրագիրները չեն յաջողիր աւելցուց ան...»: 

Օրուայ դասախօսուհին սննդագէտ՝ Մարիա Տագէսեան, հերթաբար բացատրեց ուտելիքներու պահպանման եւ գործածութեան ձեւերու մասին, թէ ինչ պէտք է ուտել եւ ինչ ձեւով , ինչ բաներէ պէտք է խուսափիլ….եւայլն...

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:. Մօտալուտ հանդիպումի խոստումով ձեռնարկը աւարտեցաւ: