Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Տըպայէ շրջանի «Պապէլ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր «Աշնանային Հանդիպում» ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող համակիրներու, թիւով 180 հոգի, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ վարչութեան կողմէ :
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղի տարեկան յատկացումները, որ կը կատարէ ծերերու, աշակերտներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան վարչութեան եւ իրենց նիւթականով յոյս կը ներշնչեն, որպէսզի վարչութիւնը շարունակէ իր ԼՕԽ-ականի առաքելութիւնը, նորանոր մտայղացումներ ունենայ օգնելու հայ ժողովուրդի կարիքաւոր խաւին:
Իզապէլ Տէկիրմէնճեան եզրափակելով խօսքը ըսաւ.- «Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր..... մենք եւ դուք սիրելի ներկաներ միասնաբար պիտի ծափենք, որպէսզի ԼՕԽ-ի բարեսիրական-մարդասիրական գործունէութիւնը շարունակուի...»:
Վարչական ընկերուհիներու ջերմ ընդունելութիւնը եւ ձեռնարկին մտերմիկ մթնոլորտը ներշնչեց ներկաները կատարելու նուիրատուութիւններ:
Կատարուեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:



