Դասախօսութիւն` «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմանները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմաները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Մէյրի Արեւեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ   Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք  դասախօսը նշեց, որ ասիկա 2015-2016 տարեշրջանի առաջին դասախօսութիւնն է, որ նուիրուած է ընտանեկան առողջութեան: Ան բացատրեց, թէ ընտանիքը ընկերութեան հիմնաքարն է: Իսկ ամուր եւ առողջ հայ ընտանիքը հայ ազգի գոյատեւման գրաւականն է:

Մէյրի Արեւեան դասախօսութեան սկսաւ` բացատրելով, թէ իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր զօրութիւնները եւ տկարութիւնները: Ընտանեկան զօրութիւնները կը նկատուին այն ազդակները, որոնք կը սատարեն ընտանիքի միութեան եւ համերաշխութեան, եւ կը նպաստեն ընտանիքի կարողութիւններուն զարգացման:

Ընտանիքը յաճախ կը դիմագրաւէ ոչ յաջող ակնկալութիւններ, որոնք արդիւնք են,

ա- Ամուսնական կեանքի մասին մեր ունեցած համոզումին,
բ- Այն սխալ կարծիքին, թէ կեանքը պէտք է միշտ արդար ըլլայ,
գ- Ընտանիքին անդամները միշտ առողջ պիտի ըլլան:

Ի՞նչ են սխալ ենթադրութիւնները ամուսնութեան մասին:

Լէյտըրըր եւ Ժաքսըն (1968) մատնանշած են եօթը սխալ ենթադրութիւններ.

1- Ենթադրաբար, զոյգեր կ՛ամուսնանան,  որովհետեւ կը սիրեն զիրար:
2- Բազմաթիւ ամուսնացած զոյգեր կը սիրեն զիրար
3- Ռոմանթիք սէրը կարեւոր է գոհացուցիչ ամուսնութեան համար
4- Կարծիքներու եւ վերաբերմունքի հսկայ տարբերութիւններ կան այրերու եւ կիներու միջեւ` յաճախ դուռ բանալով ամուսնական դժուարութիւններու: Ճկունութիւնը բանալին է յաջող ամուսնութեան:
5- Ենթադրելով, թէ զաւակ ունենալը կը բարելաւէ խնդրայարոյց ամուսնութիւն մը:
6- Առանձնութեան զգացումը կը դարմանուի ամուսնութեամբ:
7- Բարկութեան դրսեւորումը զոյգերէն մէկուն կողմէ միւսին հանդէպ` ամուսնութիւնը կ՛առաջնորդէ ձախողութեան:

Շարունակելով դասախօսութիւնը` Մէյրի Արեւեան ներկայացուց չորս միջոցներ, որոնք օգտակար կ՛ըլլան դարմանելու կեանքի դժուարութիւններէն յառաջացած ցաւերը

Տեք կ՛առաջարկէ.

1- Քմահաճոյքներու յետաձգում,
2- Պատասխանատուութեան ընդունում,
3- Նուիրուածութիւն` իրականութեան հանդէպ,
4- Հաւասարակշռութիւն:

Որո՞նք են ընտանիքի զօրութեանց չափանիշները:

1- Կարենալ հոգալ ընտանիքի Ֆիզիքական, զգացական, եւ հոգեկան կարիքները
2- Զգալ ընտանիքի միւս անդամներուն հետ
3- Փոխյարաբերութիւններ մշակել ազդեցիկօրէն:
4- Ապահովութիւն, պաշտպանութիւն եւ քաջալերանք ներշնչել,
5- Ընկերային պատասխանատու յարաբերութիւններ մշակել դրացիներու, դպրոցի եւ շրջանի հետ,
6- Աճիլ ու մեծնալ զաւակներուն հետ եւ անոնց միջոցով,
7- Օրէնքները գործադրել ճկունութեամբ,
8- Օգնել իր անձին եւ ընդունիլ օժանդակութիւն` երբ պէտք է,
9- Փոխադարձ յարգանք ունենալ ընտանիքի միւս անդամներուն անձնական կեանքին նկատմամբ,
10- Նախկին դժուարին փորձառութիւնները օգտագործել իբրեւ միջոց բարեփոխման եւ զարգացման,
11- Հոգածութիւն ցուցաբերել միջընտանեկան գործակցութեան, հաւատարմութեան եւ միասնականութեան հանդէպ:

Իբրեւ եզրակացութիւն, դասախօսը ներկայացուց հետեւեալը, բոլոր ընտանիքները ունին իրեց զօրութիւններն ու տկարութիւնները : Անհրաժեշտ է ճանչնալ եւ օգտագործել զօրութիւնները դարմանելու համար տկարութիւնները:

Հաշտ, համերաշխ, ուրախ եւ առողջ ընտանիքի նախապայմանը փոխզիջումն է: Անձնական քմայքները պէտք է մէկդի դնել ու նուիրուիլ ընտանիքի բարօրութեան:

Աւարտին Մէյրի Արեւեան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: