Կաղանդի Ձեռնարկ

Պուշրիէ շրջանի ,՝՝Արազ՝՝ մասնաճիւղի կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ժըմմէյզիի ՝՝Կրիք Թաւերնա՝՝ ճաշարանին մէջ:

Բացման խօսքով, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն ու բոլոր ներկաներուն,ապա հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ, ԼՕԽ-ի կամաւոր ու բարեսիրական աշխատանքին մասին , ինչպէս նաեւ Հայ կնոջ օրինակելի դաստիարակութեան, ու ծառայական սուրբ առաքելութեան փոխանցմանը , սերունդէ սերունդ :

Ձեռնարկը առիթ մը եղաւ՝՝Արազ՝՝ մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, միատեղուելու ու վայելելու հայկական խանդավառ եւ մտերմիկ մթնոլորտ:

Համեղ ճաշերու սպասարկութենէն վերջ, օրուան երիտասարդ երգիչ՝ Կարօն , ջերմացուց մթնոլորտը հայկական ազգային եւ յեղափոխական երգերով, որոնք ընկալուեցան ներկաներու յոտնկայս երկար ծափողջոյններով: Վստահ մեր մարտիկներու հոգին հրճուեցաւ ի տես այս երեւոյթին, կարծէք, այս երգերով ներկաներուն փոխանցուեցաւ Հայ ազգի ամբողջ պատմութիւնը:

ԼՕԽ-ական կամաւոր ընկերուհիները, անգամ մը եւս հաստատեցին, թէ ԼՕԽ-ականը անկախ բարեսիրական իր առաքելութենէն ունի նաեւ ՝՝ազգային գիտակցութիւն՝՝, որ ժառանգած է իր նախնիներէն, որպէս հայ ժողովուրդի էութեան ու լինելութեան անփոխարինելի հաւատամք:

Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ ու վիճակաձգութիւն: