Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Արազ Մասնաճիւղ

Արաքսը (Երասխ) Հայոց մայրագետն է («Մայր Արաքս»): Հին կտակարանը կոչած է Գեհոն (դրախտի 4 սրբազան գետերէն մէկը), Արաքսը կը հոսի ամբողջ հայկական լեռնաշխարհով՝ վերի հոսանքով կ՛անցնի Թուրքիայով, միջին հոսանքով սահմանային գետ է , Հայաստանի եւ Թուրքիոյ (150 քմ երկարութեամբ),Նախիջեւանի եւ Իրանի, Հայաստանի և Իրանի (40 քմ), իսկ այնուհետեւ Ազրպէյճանի եւ Իրանի: Ստորին հոսանքով կը հոսի Ազրպէյճանի տարածքով: Գետի ընդհանուր երկարութիւնը 1072 քմէ, որու (568 քմ-ը) սահմանային է:

Սկիզբ կ՛առնէ Բիւրակն (այսինքն հազար ակունք ունեցող) բարձրավանդակի սառնորակ աղբիւրներէն , գոյացած չորս առուակներէն ,միանալով Սրմանց գետին՝ Արաքսը կը մտնէ Տուարածատափի դաշտը, ապա ճեղքելով հայկական պարի բաձր լանջերը, դուրս կուգայ Բասենի դաշտ, ընդունելով իր ամենախոշոր վտակը Ախուրեանը,ապա կը մտնէ Արարատեան դաշտ : Այստեղ աջ կողմէն կ՛ընդունի Դեղին, Կարմիր գետերը , ձախէն՝ Մեծամօրը, Հրազդանը, Ազատը, Վեդին, Արփան այնուհետեւ Նախիջեւանը, Մեղրին, Ողջին, Որոտանը Հագարին: Նախիջեւանի դաշտը անցնելէ վերջ աստիճանաբար խորացող ձորերով սրընթաց ու քարքարոտ հունով կը միանայ Կուր գետին Ազրպէյճանի Սաբիրաբադ քաղաքին մօտ:

Արազը կը յորդի Մարտ-Յունիս ամիսներու ընթացքին եւ առաւելաբար Մայիսին: Ամենացած մակարդակները կ՛ ըլլան Յուլիս Օգոստոս ամիսներուն ու ձմռան: Արաքսի (Արազի) ջուրերը ոռոգման նպատակներով օգտագործած են շատ հին ժամանակներուն, այժմ կը կառուցուի բազմաթիւ ջրանցքներ եւ ջրամբարներ: Արաքսի ( Արազի) երկարութիւնը 1072 քմ. է :

Արաքսը ունի հարուստ կենդանական աշխարհ: Անոր ջուրերուն մէջ կը բազմանան՝կարմրախայտը, լոքոն, ստորին հոսանքներուն մէջ նոյնիսկ Թառափն ու ուրիշ ձկնատեսակներ:

Արաքսը նաւարկելի գետ մը չէ : Արաքսի վրայ շատ կամուրջներ եղած են ինչպէս՝ Տափերական որմէ կը սկսի Արտաշատ – Տիգրանակերտ արքունի պողոտան, Բասենի, Երուանդակերտի, Նախիջեւանի, Ջուղայի:

Արաքսը գովերգած են ինչպէ՛ս Հայրենի նոյնպէ՛ս ալ օտար պատմիչներ եւ գրողներ:

Արաքս Գետը պատկերուած է, որպէս Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի Ազատատենչութեան ու Ըմբոստութեան խորհրդանիշը :

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1976-ին Պաուշրիէյի շրջանին մէջ :

Առաջին վարչական կազմը բաղկացած է հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Աստղիկ Մարաշլեան, Մարօ Փանիկեան, Սօսի Մարտիկեան, Տիգրանուհի Աւետիքեան, Մարգրիտ Զարիֆեան, Թաշոյեան, Սիլվա Տիրոյեան:

Ան կը գործէ «Սօսի Մարտիկեան» ակումբին մէջ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

"Արազ" (Պաուշրիէ) մասնաճիւղի ընկերային հանդիպումը

ԼՕԽ-ի "Արազ" (Պաուշրիէ) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ 22 Մարտ 2022-ին, "Սօսի Մարտիկեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի։ Շրջանի ընկերուհիները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին ճաշերու պատրաստութեան։ Ճոխ մթնոլորտին մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Ներկաները ուրախ…

Աւելին
Գարնանային Պտոյտ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Պէքաա շրջանը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Զահլէի «Հայ Կեդրոն», ուր դիմաւորուեցան եւ…

Աւելին
Ընկերային Հաւաքոյթ

Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Պաուշրիէ»-ի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լենա Արամ, որ բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Ամանորի Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Հիւսիսային Լիբանան

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի Հիւսիսային Լիբանան, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 7:30-ին պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ին, շրջանի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Տէմիրճեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Սրահի մուտքին, վարչութիւնը ներկաները դիմաւորեց ծաղիկով եւ յուշանուէրով: ՀՕՄ-ի քայլերգի…

Աւելին
Բոլոր լուրերը