Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Ամանորի Ձեռնարկ»ը  տեղի ունեցաւ  Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ  Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ,  բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր ներկաներուն, որոնք  միշտ իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն վարչութեան աշխատանքները:

Երգչուհի Գարմէն Աճեմեան հայկական ճոխ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները ստացան կաղանդը խորհրդանշող ծաղիկներ տրամադրուած քաղաքապետութեան կողմէ եւ ուրախ ու գոհունակ մեկնեցան սրահէն: